Վենետիկի Պատրիարք՝ Ֆրանչեսկոյ Մորալիա Վենետիկի Պատրիարք՝ Ֆրանչեսկոյ Մորալիա 

Վնետիկի Պատրիարքին աղօթքը ի լուր Հայ Ժողովուրդի տառապանքին։

Տէրը օրհնէ՛ Հայաստանի Հայ ժողովուրդը իր Հովիւներով եւ լուսաւորէ բոլոր ներգրաւուած ոյժերու կառավարիչները եւ անոնք որ կրնան միջազգային բեմահարթակի վրայ նպաստել, որպէսզի արդարութեամբ վերահաստատուի խաղաղութիւնը Կովկասի մէջ:
Ունկնդրէ լուրը

Ստորեւ կը հրապարակենք Վենետիկի Պատրիարք՝ Ֆրանչեսկոյ Մորալիայի խօսքը Կովկասի մէջ տեղի ունեցող պատերազմի առթիւ։

Որպէս Պատրիարք Վենետիկի,  որ 300 տարիէ կը հիւրընկալէ Մխիթարեան Միաբանութեան Մայրավանքը, կ՚ուզեմ իմ յատուկ սրտակցութիւնս յայտնել, բազմիցս տառապեալ սիրելի Հայ ժողովուրդին, այս օրերուս ապրած ճգնաժամին համար։

Վաղեմի քրիստոնեայ ժողովուրդ, որուն ճակատագիրը կարծես մարտիրոսութեան կոչումն ըլլայ։

Ժողովուրդ մը, որ հինէն ի վեր պահպանած է Յարուցեալին հաւատքը, որ Քրիստոսի Խաչը ընդարձակ նշան ըրած է  իր ամբողջ հոգեւոր, գրական եւ արուեստի արտայայտութեան եւ այնքան խորապէս Խաչէն ազդուած իր ամբողջ էութեամբ, որ յանձն առած է Քրիստոսի հետ խաչուիլ, յաճախակի եւ կրկնուող տառապանքներու ալիքներու հետեւանքով։

Մինչ իմ սրտակցութեան խորին զգացումներս կը յայտնեմ սիրելի Հայ ժողովուրդին եւ եւ անոնց ընտանիքներուն ընթացող պատերազմի բազմաթիւ զոհերուն համար, կը ցաւիմ երկուստեք  ինկածներուն ու անոնց սիրելիներուն համար. կոչ կ՚ուղղեմ Վենետիկի Պատրիարքութեան բոլոր քահանաներուն եւ հաւատացեալներուն բարձրացնելու իրենց աղօթքը Ս. Կոյս Մարիամին, այս Հոկտեմբեր ամսուայ մէջ, որպէսզի իր հզօր բարեխօսութեամբ, խաղաղութիւնը ժամ առաջ վերականգնուի այդ տառապեալ  երկիրներու մէջ եւ կարելի ըլլայ խաղաղութեամբ համատեղ ապրելու պայմաններ հաստատել։

Տէրը օրհնէ՛ Հայաստանի Հայ ժողովուրդը իր Հովիւներով եւ լուսաւորէ բոլոր ներգրաւուած ոյժերու կառավարիչները եւ անոնք որ կրնան միջազգային  բեմահարթակի վրայ նպաստել, որպէսզի արդարութեամբ վերահաստատուի խաղաղութիւնը Կովկասի մէջ:

Թղթակցութիւն Վենետիկէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/10/2020, 14:23