Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Երուսաղեմի Լատինաց Պատրիարքը Փիցապալլա Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Երուսաղեմի Լատինաց Պատրիարքը Փիցապալլա 

Գերապայծառ Փիցապալլա.« Իմ նոր առաքելութիւնս. միասին ընթանալ»

Երուսաղեմի Լատինաց նոր Պատրիարքին հարցազրոյցը «Վատիկան Նիւզ»ի հետ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ անուանուած Սուրբ Երկրի Լատինաց թեմի, նորանշանակ Պատրիարք, գերապայծառ Փիերպաթիսթա Փիցապալլա, Վատիկան Նիւզի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին զրուցեց ստանձնած նոր պաշտօնին եւ Երուսաղէմի եկեղեցւոյ նոր  կէտնպատակներու մասին։

Ունկնդրէ լուրը

Գերապայծառ Փիցապալլան նշեց ,թէ իրեն համար հրամայական է  հասարակութեան իմաստ տալու ամրապնդումը, նամանաւանդ  մասնատուած ընկերութեան մէջ ,  որ անպայման  կ՝ազդէ կրօնական ոլորտին վրայ»։ Ըսաւ Ան աւելցնելով որ իր գլխաւոր եւ առաջին գործը պիտի ըլլայ խնամք տանիլ միութեան, տրուած ըլլալով որ Երուսաղեմի Պատրիարքութիւնը  իրաւասութիւն ունի Իսրայէլի, Պաղեստինի եւ Կիպրոսի կաթողիկէ հաւատացեալներուն վրայ, որոնք կը խօսին տարբեր լեզուներ եւ ունին տարբեր մշակոյթ։

Գերապայծառ Փիցապալլա յայտնեց, թէ իր ուղեւորութեան մէջ մինակ պիտի չ՝ըլլայ, պիտի ներգրաւէ աշխարանները, քահանաները, նորընծաները, կրօնաւորներն ու սարկաւագները որովհետեւ ըսաւ ան
Եպիսկոպոս մը պէտք չէ վայրեր գրաւէ , այլ պէտք է ստեղծէ։ Եպիսկոպոսը միութեան տարրն է ,որ կը միացնէ իր հօտը։

Երուսաղեմի լատինաց նոր Պատրիարքը ապա անդրադարձաւ եկեղեցւոյ դէմ ծանրացած , ընկերային հարցերուն, որոնց շարքին Իսրայէլի եւ Պաղեստինի միջեւ լարուածութիւնը, տնտեսականութիւն որ անկումի մէջ, եւ տարբեր շրջաններու մէջ ընտանիքներու  դիւրաբեկ իրավիճակը , ասոնց կ՝աւելնայ նոր հարցեր կապուած համաճարակին։

Գերապայծառ Փիցապալլ յայտնեց,  թէ իր առաջին գործը պիտի ըլլայ նշանակել իր տեղակալը, գտնել նոր համագործակիցներ եւ խորհրդականներ։
Հարցազրոյցի աւարտին Գերապայծառ Փիցապալ  նշեց թէ իր առաքելութեան առաջնորդ պիտի  ըլլայ յոյսն ու աղօթքը։ Ան դիտել տուաւ որ Քրիստոնէական յոյսը, պարզ լաւատեսութիւն չէ, որ մեզ կը ստիպէ ըսելու, որ ամէն ինչ լաւ կ՝ընթանայ։ Քրիստոնէական յոյսը, կը կայանայ իմաստ տալու մէջ այն ինչ որ կ՝ապրինք։

Աղօթքը այս բոլորին նախապայմանն է ըսաւ Երուսաղեմի Լատինաց նոր պատրիարքը 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/10/2020, 14:01