Խաչի լեզուն կը քարոզենք Խաչի լեզուն կը քարոզենք 

Խաչի լեզուն կը քարոզենք (Մատթէոս 24, 27-36) - 7-րդ կիրակի Սուրբ Խաչին ­ Տօն Գիւտի Սուրբ Խաչին

Ահա այսօր Հայ ազգը ճգնաժամային պայքար կը մղէ իր հակառակորդներուն դէմ, որոնց միակ նպատակն է Հայը եւ Հայաստանը վերացնել աշխարհագրական քարտէսէն: Սակայն քանի մեր բանակը եւ զինուորները ապաւինած են խաչի ուժին եւ անոր հզօր պաշտպանութեան, վստահ ենք որ անոնք այս պայքարէն յաղթական դուրս պիտի գան, վերջնականապէս վտարելով թշնամին մեր սահմաններէն:

           [ Audio Embed Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը]

Այսօր կը տօնենք դարձեալ սուրբ Խաչի տօներէն մին, Խաչին գիւտը, Կոստանդիանոս կայսեր մօր` Սրբուհի Հեղինէի կողմէ, 328 թուականին։ Քրիստոսի իսկական խաչափայտին երեւան գալը Գողգոթայի բլրան պեղումներու ընդմէջէն մեծապէս կը խանդավառէ համայն քրիստոնէութիւնը, որ անոր մէջ կը տեսնէ յաղթանակը իր հաւատքին եւ յոյսը հաւատացեալներու փրկութեան։

Խաչը նշանն է յաղթութեան. Այս նոյն նշանով է որ Կոստանդիանոս Կայսրը յաղթանակ տարաւ ընդդդէմ Մաքսենտիոսի 314-ին, միահեծան տէրը դառնալով Հռովմէական կայսրութեան: Ահա այսօր Հայ ազգը ճգնաժամային պայքար կը մղէ իր հակառակորդներուն դէմ, որոնց միակ նպատակն է Հայը եւ Հայաստանը վերացնել աշխարհագրական քարտէսէն: Սակայն քանի մեր բանակը եւ զինուորները ապաւինած են խաչի ուժին եւ անոր հզօր պաշտպանութեան, վստահ ենք որ անոնք այս պայքարէն յաղթական դուրս պիտի գան,  վերջնականապէս վտարելով թշնամին մեր սահմաններէն:

Խաչը խորհրդանիշն է քրիստոնէութեան, նշանը որով քրիստոնեաները իրար կը ճանչնան։ Հայ ժողովուրդը իր քարերուն վրայ անմահացուցած է խաչի խորհուրդը, որ մարդկային փրկութեան թանկագին գործիքն է, որովհետեւ Քրիստոս իր արիւնը թափած է անոր վրայ։ Խաչքարերը մեր ժողովուրդի հաւատքի արտայատութիւնն են։

Սուրբ Խաչի գիւտէն դարեր առաջ` արդէն Պօղոս առաքեալ մեզի կը խօսի խաչի մասին։ Պէտք չէ մոռնալ որ խաչը չարչարանքի ահաւոր գործիք մըն էր, որով Հռովմայեցիները կը պատժէին գլխաւորաբար մեծ չարագործներն ու ստրուկները: Առաքեալը քաջութիւնը կ՝ունենայ քարոզելու խաչը, խօսելու խաչի լեզուն, ինչ որ վստահաբար գայթակղութիւն կը պատճառէ նեղմիտ եւ օրինապահ հրէաներուն, իսկ ազատամիտ ու անօրէն հեթանոսներուն համար` պարզապէս յիմարութիւն կե նկատուի։

Հարց տանք սակայն թէ ի՞նչ բանի մէջ կը կայանայ խաչի լեզուն։ Մեզի տրուած գլխաւոր դասն է որ փրկութեան հասնելու համար, հարկ է որ ընթանանք չարչարանքի ճամբէն։ Յիսուս յստակօրէն ըսած է. Ով որ կ՛ուզէ ինծի հետեւիլ, թող վերցնէ իր խաչը եւ իմ ետեւէս թող գայ։ Սակայն ինչու՞ այս պարտքը, որ կարծէք անէծքի մը նման կը բերցուի քրիստոնեաներուս վրայ. Ինչու՞ հանգիստ եւ ուրախ կեանք մը չի տրուիր մեզի եթէ ուզենք հաւատարիմ մնալ Քրիստոսի. Ինչու՞ խաչը եւ միշտ խաչը մեր ուսին։

Պօղոս առաքեալ կը ջանայ մեզ համոզել թէ խաչը, թէեւ բացասական իրականու-թիւն մըն է մարդկային տեսակետէն, սակայն, Աստուծոյ համար` ան զօրութիւն է եւ իմաստութիւն։ Աստուած ինքն է որ, իր Որդւոյն` Քրիստոսի օրինակով`  ուզած է չարչարանքը, քաւելու համար մեր մեղքերը եւ թողութիւն տալու մեր յանցանքներուն։

Ուստի երբ խաչը կը դնենք մեր վզին, կամ կը կրենք մեր կուրծքին, պէտք չենք անգիտանալ թէ ան պարզ սիրուն զարդարանք մըն է, այլ նշան մը մեր յանձնառութեան հանդէպ Յիսուսի, որ մեռաւ անոր վրայ, մեզ փրկելու համար: Առանց չարչարանքի չկայ փրկութիւն: մեր բոլոր կեանքի ընթացքին` մեր համբերութեամբը հանդէպ նեղութիւննե-րուն պիտի կարենանք շահիլ յաւիտենական կեանքի երանութիւնը։

Ուստի երբ նեղութիւնները պատեն մեզ, երբ ամէն կողմ դժուարութիւններու հանդիպինք, երբ մեր շուրջ պատահած դէպքերը տխրութեամբ համակեն մեզ, այն ատեն, չկորսնցնենք մեր յոյսը, այլ աչքերնիս սեւեռենք խաչելութեան վրայ, ուժ խնդրելով անկէ տոկալու համար դժուարութիւններուն եւ յառաջանալու մեր կեանքին մէջ: Ամէն:

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/10/2020, 09:48