Սուրբ եւ Անմահ պատարագ վասն խաղաղութեան Հայաստանի եւ Արցախի Սուրբ եւ Անմահ պատարագ վասն խաղաղութեան Հայաստանի եւ Արցախի  

Սուրբ եւ Անմահ պատարագ վասն խաղաղութեան Հայաստանի եւ Արցախի ու հոգեհանգստեան պաշտօն նուիրուած նահատակ զինուորներուն։

«Դարեր շարունակ, 451-ի Աւարայրի Ճակատամարտէն սկսեալ, մենք հայերս պատերազմած ենք, թագաւորութիւններ ու հողեր նահանջած ենք, ցեղասպանութիւններու ենթարկուած ենք, սակայն մեր հաւատքն՝ ի Յիսուս Քրիստոս եւ իր Ս. Խաչին, երբեք չենք հեռացած։ Ուստի մեր Հայրենիքը միշտ եղած է ու պիտի մնայ Աստուծոյ Ս. Աջի հովանաւորութեան եւ պահպանութեան ներգոյ»։

Կիրակի, 4 Հոկտեմբեր 2020-ի, առաւօտեան ժամը 11-ին, Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարանի մէջ, Ս. եւ անմահ Պատարագ մատոյց Վարժարանիս Մեծաւոր՝ Գերյ. Նարեկ ծ. վ. Նաամոյեան, վասն խաղաղութեան հայրենեացն Հայաստանի եւ հանրապետութեանն մերոյ Արցախի։ Ներկայութեամբ՝ Ս. Էջմիածնի միաբան՝ Գրշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի, Իտալիոյ մօտ Հ. Հ. արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիկ. Ծովինար Համբարձումեանի, Ս. Աթոռի մօտ, Հ. Հ. արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիար Կարէն Նազարեանի, եւ Անարատ Յղութեան Առաքինազարդ Հայ քոյրերը գլխաւորութեամբ` միաբանութեան ընդհանուր մեծաւորուհի՝ Առաքինափայլ Մայր Արուսեակ Սաճոնեանի։

Յաւուր պատշաճի քարոզի ընթացքին Մեծաւոր Հայրը նշեց. «Դարեր շարունակ, 451-ի Աւարայրի Ճակատամարտէն սկսեալ, մենք հայերս պատերազմած ենք, թագաւորութիւններ ու հողեր նահանջած ենք, ցեղասպանութիւններու ենթարկուած ենք, սակայն մեր հաւատքն՝ ի Յիսուս Քրիստոս եւ իր Ս. Խաչին, երբեք չենք հեռացած։ Ուստի մեր Հայրենիքը միշտ եղած է ու պիտի մնայ Աստուծոյ Ս. Աջի հովանաւորութեան եւ պահպանութեան ներգոյ»։

Առ այդ, Գերյարգելի Մեծաւոր Վարդապետը բեմ հրաւիրեց Գերաշնորհ Պարսամեանը իր սրտի խօսքը փոխանցելու համար։ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Մեծաւոր Հօր իր կազմակերպութեան ու առաջնորդութեամբ՝ համախմբելով Հռոմի հայութիւնը Ս. Զոհին վասն Հայաստանի եւ Արցախի խաղաղութեան։ Ան խնդրեց իւրաքանչիւրէն որ, իր աղօթքը բարձրացնէ առ Աստուած արդարութեամբ վերջակէտ դնելու համար այս պատերազմին։

Ս. Պատարագի աւարտին, հոգեւոր դասն ու ներկաները թափօրով ուղղուեցան դէպի Վարժարանիս հրապարակը, ուր Խաչքարին շուրջ հոգեհանգստեան պաշտօն ու մոմավառութիւն կատարուեցաւ, ի յիշատակ նահատակ հայ զինուորներուն։

Վերջին օրհնութենէն առաջ, Հ. Հ. Վսեմաշուք դեսպանները միագաղափար խօսքեր ուղղեցին ներկայ հայորդիներուն շեշտելով՝ հայու պատկանելիութիւնը, օժանդակութիւնն ու աղօթքը ի խնդիր Հայաստանի եւ Արցախի ապահովութեան, յաղթանակի եւ կայունութեան։ Աւարտին ներկայ ամբոխը Խաչքարին շուրջ զետեղեցին իրենց մոմերը։ Հոգեպարար արարողութենէն ետք, կոկիկ հոգեճաշ տեղի ունեցաւ։

Քաղուած Լ. Ք. վարժարանի դիմատետրէն

Ունկնդրէ լուրը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/10/2020, 14:00