Որոնել

Մեր Տիրոջ կամքն է, որ Իրեն հետեւինք մեր ամէնօրեայ խաչը կրելով Մեր Տիրոջ կամքն է, որ Իրեն հետեւինք մեր ամէնօրեայ խաչը կրելով 

Հոգատար եւ Նախախնամող Աստուած. Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Զապարեանի խորհրդածութիւնը։

Մեր Տիրոջ կամքն է, որ Իրեն հետեւինք մեր ամէնօրեայ խաչը կրելով (հ. մ. մ. տ. Մատթէոս 16, 24):
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Շատ մը քրիստոնեաներ, յաճախ, կը զարմանան երբ կը տառապին հիւանդութեան մը կամ դժբախտութեան մը հետեւանքով:

Անոնք կ'երեւակայեն, որ զԱստուած սիրելով՝ Տէրը զիրենք ամէն նեղութենէ զերծ պիտի պահէ: Ուստի, հարց կու տան, թէ ի'նչպէս Աստուծոյ եւ Եկեղեցւոյ պատուիրանները լիուլի պահող մէկը՝ կրնայ չարչարանք քաշել:

Քրիստոնէական կեանքի սխալ ըմբռնում մըն է ասիկա:

Ուրիշներ ալ կը գանգատին՝ ըսելով.«Աստուծոյ աղօթեցի, սակայն անպատասխան մնացի...Այսուհետեւ պիտի չաղօթեմ, քանի որ ի զուր է...Եթէ Աստուած գոյութիւն ունի...Ինչպէ՞ս կ'ըլլայ, որ ինձմով չի հետաքրքրուիր...թէեւ իմ կարելիս ըրած եմ ամբողջ կեանքիս ընթացքին Իր կամքը կատարելու»:

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, Յիսուս Քրիստոս մեզի չխոստացաւ երկինքը երկրի վրայ: Ան չըսաւ. « Երանի՜ անոնց, որոնք առողջ են եւ չեն տառապիր»:

Կրկին կարդալու ենք Քրիստոսի հռչակած երանութիւնները. «Երանի՜ աղքատներուդ... Երանի՜ քաղցածներուդ...Երանի՜ լացողներուդ...» (Ղուկաս 6, 20-23 եւ Մատթէոս 5, 1-12):

Մեր Տիրոջ կամքն է, որ Իրեն հետեւինք մեր ամէնօրեայ խաչը կրելով (հ. մ. մ. տ. Մատթէոս 16, 24):

Մկրտութեամբ քրիստոնեայ դառնալով, չենք դադրիր մարդկային էակներ ըլլալէ:

Ունինք մեր ուրախութիւններն ու մեր ցաւերը. հիւանդութիւն, սուգ, տնտեսական նեղութիւններ, բարոյական տառապանք ու մահ: Այս տհաճելի պարագաներուն, անպայման Աստուծմէ ոյժ եւ քաջութիւն կը ստանանք:

Չեն պակսիր նաեւ անոնք, որոնք Աստուածածին Սուրբ Կոյսին բարեխօսութեան կը դիմեն հիւանդութենէն բուժուելու, ծոմ կը պահեն ինչ ինչ նպաստներ ստանալու, ուխտ կը կատարեն որոշ նպատակի մը հասնելու համար...եւ լաւ կ'ընեն:

Սակայն, Աստուած ազատ է մեր խնդրանքին ընդառաջելու: Մեզի կը մնայ հաւատքի ներգործութեամբ լիուլի վստահելու մեր վրայ հսկող Անոր նախախնամութեան:

Միթէ՞ ծնողները իրենց զաւակներուն բոլոր ուզածները կը կատարեն, նոյնիսկ երբ իրենց սրտահատորները լալագին իրենց դիմեն:

Մեր աղօթքները երբեք ապարդիւն չեն, որովհետեւ անոնք մեզի ընդունիլ կու տան մեր չսպասած վայրկեանին եւ մեր չակնկալած կերպով այ'ն պարգեւները, որոնք լաւագոյնս յարմար են մեր հոգեւոր աճումին եւ Աստուծոյ ծրագիրներուն:

Յիսուսի աղօթքը Ձիթենեաց Պարտէզին մէջ մեզ կը լուսաբանէ այս կապակցութեամբ. «Հայր իմ, եթէ կարելի է՝ այս բաժակը հեռացո'ւր ինծմէ: Բայց ո'չ ինչպէս ես կ'ուզեմ, այլ ինչպէս որ դուն» (Մատթէոս 26, 39):

Իսկ, երբ մեր տառապանքները միացնենք Քրիստոսի տառապանքներուն՝ յաւիտենական արժէք կը ստանան անոնք:

Առ այդ, Անոր ընծայենք մեր վիշտերը: Ան մեզի աւելի հոգ պիտի տանի՝ քան երկինքի թռչուններուն, եւ կամ՝ վայրի շուշաններուն: (հ.մ.մ.տ. Մատթէոս 6, 25-34):

Հ. Գ. Զ.

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/10/2020, 07:54