Յիսուս իր աշակերտներուն կը սոորվեցնէ Յիսուս իր աշակերտներուն կը սոորվեցնէ  

ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԳԻՏԵԼԻՔՆԵՐ Վեցերորդ շաբաթ Խաչին (18-25 Հոկտեմբեր 2020)

Հինգշաբթի օր` 22 Հոկտեմբեր, տօնն է Խարիթեանք կոչուած 10,000-է աւելի եւթոպացի վկաներու. Միակ սուրբերն են եւթոպիական եկեղեցիէն որոնք կը յիշուին հայկական տօնացոյցին մէջ
Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի 18   Հոկտեմբերին, Սուրբ Խաչի 6-րդ շաբաթը կը սկսինք. Կը սկսի նոր շարք մը աւետարանական ընթերցումներու, Ղուկասի աւետարանէն 4-րդ եւ 5-րդ գլուխները յաջորդաբար` կիրակի, չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերը. Այս կիրակի` Յիսուս Նազարէթ այցելութիւն մը կու տայ եւ հոն կը հանդիպի իր իսկ ժողովուրդին հակառակութեան, որով չեն ուզեր հասկնալ թէ ինչպէս իրենցմէ մէկը կրնայ Րաբունի ըլլալ, սորվեցնել եւ հրաշքներ գործել. Իրենց կ՛ըսէ հետեւեալ նշանաւոր խօսքը, որ միեւնոյն ատեն առած մըն է. Չկայ մարգարէ մը որ ընդունելի ըլլայ իր հայրենիքին մէջ։

Այս խօսքը շատ իրական է ոչ միայն Քրիստոսի եւ իր ժամանակին համար, այլ նաեւ այսօրուայ աշխարհի մէջ եւ մանաւանդ Հայերուս մօտ, ուր կարծէք նախանձը այնքան ազդեցիկ է որ չի թողուր որ իր շրջանակէն անձ մը աւելի փառաւորուի քան ինք։

Երկուշաբթի 19 Հոկտեմբերին կը տօնենք Սուրբ Յովսէփը, որ հայ ծէսին մէջ կը կոչուի Աստուածահայր, թէեւ այս տիտղոսը անտեղի է մարդկային էակի մը համար. Կը տօնենք նաեւ Յովսէփ Արիմաթացին, որ այդ հարուստ անձնաւորութիւնն էր որ իր անձնական ընտանեկան գերեզմանը տրամադրեց Յիսուսի, անոր խաչելութենէն ետք. Ասոնց կը միանայ Ղունկիանոս հարիւրապետը, որ այդ զինուորականն է որ խաչին տակ կեցած էր եւ տէգով խոցեց Յիսուսի կողը. Ըստ աւանդութեան` եղած է եկեղեցւոյ առաջին սուրբերէն մին, որ նահատակութեամբ տուած է վկայութիւնը իր հաւատքին։ Նոյն օրը կը տօնենք նաեւ Յիսուսի բարեկամ ընտանիքի մը անդամները, Ղազարոսը` որուն յարութիւն տուաւ իր իսկ խաչելութենէն շաբաթ մը առաջ, եւ անոր քոյրերը, Մարթան եւ Մարիամը, որոնց տունը քանիցս այցելութեան գացած էր։

Երեքշաբթի 20  Հոկտեմբերին` կը տօնենք Թէոդորիտոն անունով անտիոքացի քահանան, որ դէմ կեցաւ Յուլիանոս ուրացող կայսեր հրամանին` կողոպտելու քրիստոնեայ սրբավայրերը, 361 թուին. Այս պատճառաւ ալ` ան ենթարկուեցաւ սաստիկ չարչարանքներու եւ մահացաւ։ Միեւնոյն օրը տօնն է նաեւ Հռովմայեցի չորս քաջարի զինուորներու, Զենոն, Մակարիոս, Եւդոքսիոս եւ Ռոմելաս, որոնք, Տրայանոս կայսեր օրով` մերժեցին զոհելու կուռքերուն եւ նահատակուեցան 112 թուականին։

Հինգշաբթի օր` 22  Հոկտեմբեր, տօնն է Խարիթեանք կոչուած 10,000-է աւելի եւթոպացի վկաներու. Միակ սուրբերն են եւթոպիական եկեղեցիէն որոնք կը յիշուին հայկական տօնացոյցին մէջ. Անոնք 6-րդ դարուն, երբ Եւթոպիան արդէն շատոնց քրիստոնեայ դարձած էր, Դովնաս անունով Հրէայ իշխանի մը կողմէ, որ Ապիսինիոյ թագաւոր հռչակած էր ինքզինք, բռնադատուեցան ընդունելու Հրէական կրօնը, սակայն քաջութեամբ մերժեցին եւ ընդունեցան նահատակութիւնը։

Նոյն օրը կը տօնենք նաեւ Արտեմիոս վկան, որ 363 թուին ուզեց ընդդիմանալ Յուլիանոս ուրացողի հալածանքներուն, սակայն ինք եւս զանազան տանջանքներ կրելէ ետք` նահատակուեցաւ Անտիոք քաղաքին մէջ։

Շաբաթ օր, տօնն է Դեմետրիոս վկային, յոյն ազգով, որ նահատակուեցաւ Մաքսիմիանոսի ձեռամբ. Կը տօնուի նաեւ Բասիլիսկոս քահանան, որ մարտիրոսացաւ Յուլիանոս ուրացողի հրամանով, սոսկալի տանջանքներէ ետք։

Կիրակի  25  Հոկտեմբերը,  Խաչի 7-րդ Կիրակին’   “Խաչի Գիւտի”  տօնն  է :

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/10/2020, 07:48