Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետ 

Այսօր կը յիշատակուի Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի ծիսական տօնը

«Խոր հոգեւորականութեամբ մարդ մը որ ամէն օր կը ծիսական աղօթքի եւ սաղմոսներու խորհրդածութիւններու ընդմէջէն կը խոկար Աստուծոյ լուսաւոր Դիմագիծի մասին»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 22 հոկտեմբերին, լատինաց ծէսի համաձայն կը նշուի Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետի ծիսական տօնը։ Ան Յովհաննէս ԻԳ քահանայապետի հետ միասին սուրբ հռչակուած է Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կողմէ՝ 27 ապրիլ 2014-ին։

21 հոկտեմբերի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին ողջունելով Լեհ հաւատացեալները Ֆրանչիսկոս Պապը յիշած էր երջանկայիշատակ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ զայն ներկայացնելով որպէս «խոր հոգեւորականութեամբ մարդ մը, որ ամէն օր իր ծիսական աղօթքի եւ սաղմոսներու խորհրդածութիւններու ընդմէջէն կը խոկար Աստուծոյ լուսաւոր Դիմագիծի մասին»։

«Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ բոլոր քրիստոնեաները կը խրախուսէր իրենց օրը սկսիլ Տիրոջ փառաբանութիւններով, նախ քան առօրեայի ոչ դիւրին ճանապարհորդութիւններու ստանձնումը», աւելցուցած էր Ֆրանչիսկոս Պապը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/10/2020, 08:15