Կարդինալ Լեոնարտօ Սանտրի Կարդինալ Լեոնարտօ Սանտրի 

Կարդինալ Լեոնարտօ Սանտրի Եգիպտոսի մէջ նախագահեց Լատինաց թեմի նոր եպիսկոպոսին օծման արարողութեան

Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչը Եգիպտոսի մէջ հանդիպում ունեցաւ նաեւ Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդ Արհ. Գրիգրոր Եպիսկ Գուսանի հետ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչ, կարդինալ Լեոնարտօ Սանտրի Եգիպտոս ժամանեց, ուր նախագահեց Եգիպտոսի Աղեքսանդրիոյ լատինաց թեմի նոր առաքելական կառավարիչ, գերապայածառ Քլաուտիօ Լուրաթիի  եպիսկոպոսական օծումի արարողութեան։ Կարդինալ Սանտրիին ընկերացած է արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի ենթաքարտուղար, Տոն Ֆլաւիօ Փաչէ։  28 հոկտեմբերին, Եգիպտոս ժամանումին կարդինալ Սանտրիին դիմաւորութեան ելան,  Քահանայապետական ներկայացուցիչ, Գերապայծառ Նիքոլաս Թեւենին ու Պապական նուիրակութենէն ներկայացուցիչ մը։

Ունկնդրէ լուրը

Օդակայանի դահլիճին մէջ կարդինալ Սանտրի առիթ ունեցաւ ողջունելու Աղեքսանդրիոյ Ղպտիներու երբեմնի պատրիարք, կարդինալ Անթոնիոս Նակիպը։Հանդիպումին երկուր ծիրանաւորները յիշեցին 10-րդ տարեդարձը Միջին արեւելքի եկեղեցիներու յատուկ սիւնհոդոսին, որուն կարդինալ Նակիպը որպէս գլխաւոր զեկուցողն էր։ Հանդիպումի ներկայ էին նաեւ Եգիպտոսի կրօնաւորներու եւ կրօնաւորուհիներու ներկայացուցիչներ, Լատինաց թեմի առաքելական հոգաբարձու, հայր Էլիա Իսքանտա եւ լատինաց  թեմին նորընտիր եպիսկոպոս, գերապայծառ Լուրաթին։

29 հոկտեմբերին, կարդինալ Լենոնարտօ Սանտրին, Պապական նուիրակի պալատէն ներս հանդիպումներ ունեցաւ Աղեքսանդրիոյ ղպտիներու պատրիարք, գերերջանիկ Իպրահիմ Սիտրաք պատրիարքին հետ, որուն հետ քննարկեց Եգիպտոսի մէջ եկեղեցւոյ ներկայ իրավիճակը, ինչպէս նաեւ վերջերս գումարուած Պատարքական եկեղեցւոյ գումարած սինոդի արդիւնքները։

Կարդինալ Սանտրի ընդունեց նաեւ Անտիոքի Յոյն Մելքիթներու պատրիարք, գերերջանիկ Եուսէֆ Ապսի պատրիարքը։ Շուրջ կէս ժամ տեւող հանդիպումին նիւթ եղաւ Մելքիթներու եկեղեցւոյ ներկայ իրավիճակը, յատուկէն Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ։

Նոյն օրը երեկոյեան, կարդինալ Սանտրի ընդունեց Ղպտիներուն սինոդի եպիսկոպոսներն ու Եգիպտոսի կաթողիկէ առաջնորները, որոնց շարքին, Հայ կաթողիկէներու առաջնորդ, արհիապատիւ Գրիգոր Եպիսկոպոս Գուսան։

Ուրբաթ, 30 հոկտեմբերին, կարդինալ Սանտրի ընդունեց Երուսաղեմի լատինաց թեմի նորանշանակ պատրիարք գերապայծառ Փիերպաթսիսթա Փիցապալլան։ Ապա երեկոյեան ժամը 6-ին, «Սուրբ Յովսէփ» անուան եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց լատինաց թեմի առաքելական նոր կառավարիչին եպիսկոպոսական օծման արարողութեան, ներկայութեամբ Եգիպտոսի մէջ Ղպտի եկեղեցւոյ եւ այլ եկեղեցիներու եպիսկոպոսներուն եւ հաւացեալներու հոծ բազմութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/10/2020, 12:39