Աղօթք խաղաղութեան Աղօթք խաղաղութեան 

Եւրոպայի եկեղեցիները Եւրոմիութենէն կը պահանջեն յանձառում ՝ Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ լուծումի որոնման համար։

114 եկեղեցիներ ներկայացնող համամիութենական վերոնշեալ կազմակերպութիւնը մտահոգութիւն արտայայտելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութեան սրացումին համար նամակ յղած է Եւրոպական քաղաքական կազմակերպութիւններուն
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Եւրոպայի Եկեղեցիներու համահաւաք դասը կոչ ուղղած է ԵԱՀԿ-ին, Մինսկի խումբին,  Եւրոպայի արտաքին գործունէութեան ծառայութեան, ինչպէս նաեւ Եւրոմիութեան արտաքին գործոց ծառայութեան, կրկնապատկելու իրենց ջանքերը ի նպաստ Ղարաբաղի հակամարտութեան մնայուն եւ տեւական խաղաղութեան  համար։

114 եկեղեցիներ ներկայացնող համամիութենական վերոնշեալ կազմակերպութիւնը մտահոգութիւն արտայայտելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութեան սրացումին համար, նամակ յղած է Եւրոպական քաղաքական կազմակերպութիւններուն, խրախուսելով զանոնք՝ ի գործ դնել «դիւանագիտական միջնորդի կարողութիւնները» ի նպաստ խաղաղ մէկ լուծման, հիմնուած միջազգային իրաւունքներու օրէնքներու վրայ, երաշխաւորելու համար մնայուն խաղաղութիւն եւ կանխելու համար Կովկասի տարածաշրջանին մէջ հակամարտութեան կրկնութիւնը։

Եւրոպայի Եկեղեցիներու համահաւաք դասի քարտուղար՝ Jørgen Skov Sørensen կ՛ընդգծէ  համագործակցութեան հարկաւորութիւնը, ինչպէս նաեւ բանակցութիւններու մէջ երկու կողմերու «կրօնական ղեկավարներու ներգրաւումը»՝ խթանելու համար հաշտութիւնը։

Ան ապա միջազգային կազմակերպութիւններէն կը խնդրէ որ երաշխաւորեն մարդասիրական օգնութիւնները։

Եւրոպայի Եկեղեցիներու համահաւաք դասը ապա աղօթք մը տարածած է, որուն մէջ կը խնդրուի պատերազմի դադրեցումը ու սրտերու կերպարանափոխումը։

«Աստուած սիրելով, որպէս տարբեր դաւանանքներու, մշակոյթի եւ աւանդութիւններու քրիստոնեաներ, մենք մեզ կը զգանք միացած աշխարհի մեր բոլոր եղբայրներու եւ քոյրերուն, Յիսուս Քրիստոսի սիրոյ մէջ, մենք երբեք պիտի չի հրաժարինք այն համոզումէն՝ թէ մեր խօսքերը, մեր գործերը ու մեր աղօթքները կարող են աշխարհը տանիլ դէպի խաղաղութիւն եւ հաշտութիւն»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/10/2020, 07:28