Վերջ դնել բռնութիւններուն Վերջ դնել բռնութիւններուն  

Արցախ. Երուսաղէմի Եկեղեցիներու զինադադարի կոչը

Վերջ դնել բռնութիւններուն եւ դիմել բանակցային հարթակին մնայուն խաղաղութեան մը համար։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երուսաղէմի Եկեղեցիներու ղեկավարներն ու պատրիարքները կոչ ուղղած են Եւրոպայի ղեկավարներուն, Ռուսիոյ եւ Միացեալ նահանգներու նախագահներուն ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին միջամտելու եւ ճնշում բանեցնելու, որպէսզի դադրին Ազրպէյճանի եւ Արցախի սահմանին վրայ թշնամանքն ու բռնութիւնները։

Ունկնդրէ լուրը

Անոնք հանդէս գալով յայտարարութեամբ մը՝ ազդեցութիւն ունեցող մարդոց ու կիներուն կոչ կ՛ուղղեն գործելու ի նպաստ անմիջական զինադադարի մը եւ տեւական խաղաղութեան մը շուրջ բանակցութեան։

«Անգամ մը եւս անմեղ մարդիկ մահացան ու բազմաթիւ մարդիկ, կիներ ու մանուկներ տեղահան եղած են պատերազմի սարսափներու պատճառաւ» կը գրեն Երուսաղէմի Եկեղեցիներու հովուապետերը, որոնք իրենց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն բոլոր անոնց որոնք սուգի մէջ են Աստուծմէ հայցելով հիւանդներուն ապաքինում։

«Կ՛աղօթեմ Կովկասի խաղաղութեան համար եւ հակամարտող կողմերէն կը խնդրեմ դիմել բարի կամքի եւ եղբայրութեան գործնական քայլերու, հարցերը լուծելու ոչ թէ ուժի եւ զէնքի կիրառումով, այլ երկխօսութեան եւ բանակցութեան միջոցաւ։ Միասին աղօթենք լռութեամբ կովկասի խաղաղութեան համար», ըսած էր  Սրբազան Պապը անցեալ 27 սեպտեմբերին։

«Այլ բռնութիւններ կարող են աւելիով սրացնել Արցախի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բաժանումները» կը գրեն միշտ Երուսաղէմի Պատրիարքներն ու Եկեղեցիներու Պետերը ապա յայտարարութեան աւարտին կը հրաւիրեն խորհրդածել Եսայի Մարգարէի խօսքերուն վրայ (2, 4) « Նա դատաստան պիտի տեսնէ հեթանոսներու մէջ ու պիտի յանդիմանէ բազում ժողովուրդներուն։ Անոնք իրենց սուսերէն խոփեր պիտի ձուլեն, եւ իրենց սուիններէն՝ մանգաղներ. ազգ ազգի վրայ սուր պիտի չի բարձրացնէ ,եւ անոնք այլեւս պիտի չի մարզուին պատերազմելու։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/10/2020, 07:30