Միջազգային քարիթասը Պէյրութի մէջ։ Միջազգային քարիթասը Պէյրութի մէջ։ 

Միջազգային Քարիթասի ընդհանուր քարտուղարը կ՝այցելէ Լիբանան։

Ընդհանուր քարտուղարին լիբանան ճամբորդութեան նպատակն է լաւագոյն ձեւով համակարգել մարդասիրական միջազգային օգնութիւնները, ինչպէս նաեւ բնակարաններու, դպրոցներու, հիւանդանոցներու վերականգման աշխատանքները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Պէյրութի նաւահանգիստի մէջ պատահած պայթումէն մէկ ամիս վերջ, որ պատճառեց աւելի քան 200 մեռեալ ու տասնեակ հազարաւոր վիրաւորներ, Տիեզերական եկեղեցւոյ բարեսիրական կազմակերպութիւնները կը շարունակեն իրենց եղբայրսիրական զօրակցութիւնները փոխանցել Լիբանանի բնակչութեան։

Ունկնդրէ լուրը

Անցեալ 4 սեպտեմբերին, Ֆրանչսիկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի պետ քարտուղար, կարդինալ Փարոլինի Լիբանան այցելութեամբ իր զօրակցութիւնը ու մօտիկութիւնը փոխանցեց Լիբանանի բնակչութեան։ 

Լիբանանի ժողովուրդին կողքի կանգնելու նպատակաւ, Միջազգային Քարիթասի ընդհանուր քարտուղարը եւս անցեալ 12 սեպտեմբերին ժամանեց Լիբանան, կրօնական իշխանութիւններու եւ Քարիսթասի տարածաշրջանի գրասենեակներու պատասխանատուներու հետ հանդիպելու համար։

Ընդհանուր քարտուղարին լիբանան ճամբորդութեան նպատակն է լաւագոյն ձեւով համակարգել մարդասիրական միջազգային օգնութիւնները, ինչպէս նաեւ բնակարաններուն, դպրոցներուն, հիւանդանոցներու  վերականգման աշխատանքները։

Քարտուղարին ճամբորդութեան գլխաւոր նպատակն է Միջազգային Քարիթասի մօտիկութիւնը ցուցաբերել Լիբանանի բնակչութեան։ Արդարեւ քարտուղարը առիթ պիտի ունենայ քննարկելու լիբանանի ժողովուրդի մատակարարուած բարեսիրական օժանդակութիւնները զանոնք աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու ամար։ Այս մասին Վատիկան Նիւզին յայտնեց միջազգային Քարիթասի հաղորդամիջոցներու գրասենեակի տնօրէնուհին, տիկին Մարթա Փեթրոսիլլօ աւելցնելով որ միջազգային Քարիթասին ընդհանուր Քարտուղարը Լիբանան այցելութեան ծիրէն ներս հանդիպում պիտի ունենայՄարոնիթ համայնքի Պշարա Ռայի պատրարքին հետ։

Ինչ կը հայի քարիթասի բարեսիրական օգնութիւններուն, Տիկին Փեթրոսիլլօ նշեց, թէ Լիբանանի մէջ այժմ աեւլի քան 800 երիտասարդներ տիւ ու գիշեր կ՝աշխատին ժողովուրդին օգնելու համար։ Ամէն օր շուրջ 10000 ճաշ եւ բժշկական սարքեր  կը բաշխուի կարիքաւորներուն։  ըսաւ Միջազգային Քարիթասի հաղոդրամիջոցներու պատասխանատուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/09/2020, 12:30