Խոր Վիրապ Խոր Վիրապ 

Հայ եկեղեցւոյ ծէսը և ծիսակարգը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (ԺԸ)։

Այսօրուան հաղորդաշարի նիւթը պիտի ըլլայ՝ Հայ Եկեղեցւոյ Տօնացոյցի յատկանիշները:

ԺԸ. Հաղորդաշար

Ունկնդրէ լուրը

Ողջոյն ձեզ յարգելի ունկնդիրներ.

Այսօրուան հաղորդաշարի նիւթը պիտի ըլլայ՝ Հայ Եկեղեցւոյ Տօնացոյցի յատկանիշները:

Տօնացոյցը ծիսամատեան մըն է, որ երկու հատորներէ կը բաղկանայ. ան սկզբնական շրջանին լոկ տօները ցոյց կու տար. այսինքն՝ տարուան առաջին օրէն մինչեւ վերջին օրը կը նշէ իւրաքանչիւր օրուան տօնը, ըլլայ ան շարժական թէ անշարժ: Հետագային Տօնացոյցը ճոխանալով դարձաւ Աւետարանի, ընթերցուածներու, շարականներու և օրուան յատուկ արարողութիւններուն կարգացոյցը: Ուրեմն՝ Տօնացոյցի դերը միայն Հայաստանեայց Ս. Եկեղեցւոյ տօներու թուականներուն ճշդումը չէ, այլ նաեւ՝ արարողութիւններուն, պահոց օրերուն, մարգարէական ընթերցուածներուն, առաքելական թուղթերուն և աւետարանական հատուածներուն, ինչպէս նաեւ շարականներու երգեցողութեան դասաւորումը:

Հայ Եկեղեցւոյ Տօնացոյցը իր կառոյցին մէջ երկու յատկանիշ ունի, որոնք զինք իբր հայկական կը բնորոշեն և զինք միւս Եկեղեցիներուն տօնացոյցներէն կը տարբերեն. առաջին՝ Շարժական դրութիւնը և երկրորդ՝ եօթնեկական դրութիւն: Բոլոր քրիստոնեայ եկեղեցիները իրենց տօներուն օրերը հաստատած են արեգակնային ամիսներու հիման վրայ: Այնպէս որ այսինչ ամսուայ այսինչ օրը հաստատ կերպով միեւնոյն տօնը կը կատարուի. Այլ խօսքով՝ տարին կը բաժնէ 12 ամիսներու և իւրաքանչիւր ամսուայ մէջ որոշուած սուրբերուն տօնը կը տօնէ: Իսկ Հայաստանեայց Եկեղեցին իր տօներուն համար հիմ առած է, ոչ թէ ամսաթիւը, այլ եօթնեակի դրութիւնը. ուրեմն, հայ տօնացոյցին հիմքը ամիսը չէ, այլ՝ շաբաթը: Եօթնեկական դրութեան համաձայն՝ շաբթուան եօթը օրերուն իւրաքանչիւրին յատուկ յիշատակութիւն կամ դէպք մը նուիրուած է: Այսպէս՝ Կիրակին Քրիստոսի յարութեան և Տէրունական տօներուն վերապահուած է, շաբթուան չորս օրերը (բշ. Գշ. Եշ. և շբ.) Սրբոց յիշատակութեան յատկացուած օրեր են, երկու օր՝ (դշ. և Ուր.) Պահոց, Քրիստոսի չարչարանքներուն և խաչելութեան նուիրուած: Չորեքշաբթի և Ուրբաթ օրերը՝ Պահոց օր ըլլալով, սննդական և ապաշխարանքի յատկացուած օրեր են:

Հայ Եկեղեցւոյ ծէսին մէջ, շաբթուան իւրաքանչիւր օրը նաեւ նուիրուած է յիշատակութեան մը: Կիրակին նուիրուած է Քրիստոսի Յարութեան. Երկուշաբթին՝ հրեշտակներու իննը դասերուն. Երեքշաբթին՝ Ս. Յովհաննու Կարապետին. Չորեքշաբթին՝ Աստուածածնի կամ Մարդեղութեան խորհուրդին. Հինգշաբթին՝ Առաքելոց. Ուրբաթ օրը՝ Քրիստոսի չարչարանաց եւ խաչելութեան, Շաբաթ օրը՝ Քրիստոսի այցին  Քաւարանի հոգիներուն եւ սուրբերու յիշատակութեան: Ուրեմն եօթնեկական դրութիւն ըսելով կը հասկնանք՝ տէրունի, պահոց և սրբոց օրերը, որոնց կը հանդիպինք ծիսակարգի եօթը օրերուն մէջ:  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/09/2020, 07:16