Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը 

Ո՜վ Տէր, Եղիր Պահապան Մեր Զինուորներուն. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին աղօթքը

​Ո՜վ Տէր, եղիր պահապան մեր զինուորներուն։ Երկնային հովանիին ներքեւ չարէ ու չարիքէ հեռու պահէ Հայաստանն ու Արցախը։ Բժշկութիւն շնորհէ վիրաւորներուն եւ լուսաւորէ հոգիները մեր նահատակներուն։

Ո՜վ Տէր, Բեթղեհէմի հաւատքին բացուող առաջին ժողովուրդը եղանք։​

Դարե՜ր շարունակ պատմութեան խաւարին ու չարին դէմ ամուր պահեցինք մեր հաւատքը՝ կենդանի ու արեան նահատակութեամբ։​ Այսօր նոյն հաւատքով արիացած մեր զինուորները քաջօրէն կը պաշտպանեն քրիստոնէական հաւատքի ու արժէքներուն փարոսը դարձած Հայաստանը ու Արցախը եւ նոյն հաւատքին ու արժէքներուն ջահակիրը դարձած հայ ժողովուրդը։

​Ո՜վ Տէր, եղիր պահապան մեր զինուորներուն։ Երկնային հովանիին ներքեւ չարէ ու չարիքէ հեռու պահէ Հայաստանն ու Արցախը։ Բժշկութիւն շնորհէ վիրաւորներուն եւ լուսաւորէ հոգիները մեր նահատակներուն։

Սեպտեմբեր 28, 2020

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/09/2020, 07:40