Խրուաթիա Խրուաթիա 

Եկեղեցին Եւրոպայի մէջ համաճարակէն յետոյ։

Համաճարակէն ի՞նչ դաս քաղեցինք եւ  ի՞նչ կը նշանակէ խնամք տանիլ արարչագործութեան։ Այս պիտի ըլլայ Եւորպայի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասերու այս տարուան ընհդանուր նիստի գլխաւոր կէտերը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

«Եկեղեցին Եւրոպայի մէջ համաճարակէն յետոյ։ Հեռանկարներ արարչագործութեան եւ հասարակութեան համար»։ Այս պիտի ըլլայ Եւրոպայի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասերու նախագահներուն տարւոյս տարեկան ընդհանուր նիստի նիւթը ,զոր պիտի գումարուի յառաջիկայ 25-27 սեպտեմբերին, Խրուաթիոյ մայրաքաղաք՝ Փրակայի մէջ։
Համաճարակի կանխարգիլման նպատակաւ, ձեռնարկուած միջոցներուն պատճառաւ այն եպիսկոպոսները, որոնք պիտի չկարենան ներկայ գտնուիլ ժողովին, կրնան ցանցի միջոցաւ մասնակցիլ եպիսկոպոսներուն ընդհանուր նիստին։ այս մասին նշուած է Եւրոպայի եպիսկոպոսներուն համահաւաք դասի տարեկան ընդահնուրի նիստի առնչութեամբ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ՝  ուր աւելցուած է նաեւ « ի տես Ֆրանչիսկոս Պապի Գովեալ ըլլաս» շրջաբերականին 5-րդ տարեդարձին եւ համայն աշխարհի մէջ Համաճարակի պատճառած տխուր դէպքերուն, Եւրոպայի Եպիսկոպոսները պիտի հանդիպին խոկալու եւ քննարկելու համաճարակի հետեւանքներն ու աշխարհի փոփոխութիւնները։

Ունկնդրէ լուրը

Եւրոպայի Եպիսկոպոսներու տարեկան ընդհանուր նիստին ընթացքին յատուկէն պիտի քննարկուին, համաճարակի պատճառած կրօնական, հովուական ծառայութեան եւ բնապահպանական հետեւանքները  եւ իւրաքանչիւր եպիսկոպոսներուն համահաւաք դասի նախագահ պիտի  ներկայացնէ իր երկրին կացութիւնը։։

Եւրոպայի եպիսկոպոսները իրենց տարեկան ընդհանուր նիստին պիտի կեդրոնանան նաեւ հետեւեալ կէտերուն վրայ.  
Համաճարակէն ի՞նչ դաս քաղեցինք եւ  ի՞նչ կը նշանակէ խնամք տանիլ արարչագործութեան։ նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/09/2020, 09:58