Որոնել

Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ Աղաճանեան Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ Աղաճանեան 

Աստուծոյ Ծառայ Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ Աղաճանեանի խօսքերէն։

Կեանքը կ՛անցնի, և կը մնայ միայն մեր ապրած ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆ, ՍԷՐԸ և ՏԱՆՋԱՆՔԸ Տիրոջ և հոգիներու համար»
Ունկնդրէ լուրը

Յորդոր Ժառանգաւորներուն։

Ձեզի եւս, սիրելի որդեակք, երախտագէտ եղէք Երկնաւոր Հօր՛ Ձեր բարձր կոչումին համար, համապատասխանեցէք անոր պահանջներուն, զուարթամիտ, առատամիտ նուիրումով, կերտեցէք յարատեւ ջանքերով Ձեր մէջ աղօթքի, ուսման, զոհաբերումի մարդը, լի անսահման սիրով Քրիստոսի Աստուծոյ, Առաքելական Ս. Գահին եւ Ձեր Ազգին, որուն հարկ է ըլլաք «լոյսն ու աղը» (Մատթ. Ե. 13), «Առաքեալքն Եկեղցւոյ, փառք Քրիստոսի» (Բ.Կորնթ. Ը. 23)։

«Հոգիները ձեզ կը սպասեն առաքելութիւններուն մէջ: Իմ աչքերս լեցուն են հոգիներու այդ տեսլականով ... կը սպասեն ... Եւ ձեր յարատեւութիւնը կրնայ դառնալ պատճառ շատ մը հոգիներու փրկութեան համար:

Թող Սրբազան Հօր, Քահանայապետին, այս օրհնութիւնը ձեր մէջ սերմանէ քաջութիւն, հաւատարմութիւն, եւ աւելի մեծ երախտագիտութիւն ձեր սուրբ կոչման համար և մանաւանդ ցանկութիւնը ճամբորդելու հոն , ուր որ ձեզ առաքէ հնազանդութիւնը ...

Կեանքը կ՛անցնի, և կը մնայ միայն մեր ապրած ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆ, ՍԷՐԸ և ՏԱՆՋԱՆՔԸ Տիրոջ և հոգիներու համար»

Աստուծոյ Ծառայ Կաթողիկոս Պատրիարք՝ Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ Աղաճանեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/09/2020, 10:32