Ինչ որ Աստուած միացուց` մարդ թող չբաժնէ Ինչ որ Աստուած միացուց` մարդ թող չբաժնէ 

Կիրակնօրեայ Աւետարանական խորհրդածութիւն։ Ինչ որ Աստուած միացուց` մարդ թող չբաժնէ

Կիրակի 20 Սեպտեմբեր 2020 Բ. Կիրակի Խաչէն ետք - Մարկոս 10, 1-12
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Սկիզբէն Աստուած առու եւ էգ ստեղծեց մարդը, ինչպէս որ կ՝ըսուի Ծննդոց գրքին մէջ. Այր եւ կին կը միանան իրարու կազմելու համար մէկ մարմին. Ուստի ինչ որ Աստուած միացուցած է, որեւէ մարդ պէտք չէ որ բաժնէ զայն: Քրիստոս կը նմանցնէ ընտանիքի մը կազմութիւնը նոր ստեղծագործութեան մը։ Ան Աստուծոյ գործն է, ուստի տրուած չէ մարդուն Տիրոջ գործը փճացնել։

Եկեղեցին երբ բարձրացուց ամուսնութիւնը եւ զայն դասեց 7 խորհուրդներու շարքին, լիովին իրազեկ էր ու ապահով թէ ան աստուածային հաստատութիւն մըն է, շեշտուած եւ  կատարելագործուած Քրիստոսի պատգամով, որով մարդ կը ստանայ շնորհքը Տիրոջ, որ կը ներգործէ իր մէջ, բոլոր կեանքին ընթացքին։ Ամուսնութիւնը կը դասուի հաւասար մկրտութեան, սուրբ հաղորդութեան եւ քահանայական կարգին, որով կարելի չէ զայն ստորագնահատել, տրուած ըլլալով որ հաստատուած է աստուածային իշխանութեամբ։

Երբ Յիսուս կ՛ըսէ թէ երկուքը մէկ պիտի ըլլան, խորհրդաւոր ձեւով  ամուսնութեան միութիւնը կը նմանցնէ Ամենասուրբ Երրորդութեան միասնականութեան. Ինչպէս որ Հայրը, Որդին եւ Սուրբ Հոգին երեք անձեր ըլլալով հանդերձ` կը կազմեն մէկ աստուածութիւն, նոյնպէս ալ այրը եւ կինը` թէպէտ երկու տարբեր անձեր են, սակայն ամուսնութեամբ կը դառնան մէկ մարմին։ Իսկապէս մեծ է այս խորհուրդը, ինչպէս որ կը բացագանչէ Սուրբ Պօղոս, երբ կու տայ հիմերը քրիստոնէական ամուսնութեան եւ բարոյական սկզբունքները քրիստոնեայ ընտանիքին։

Մինչ միութիւնը Աստուծմէ կու գայ, բաժանումը կու գայ մարդոցմէ. Այն զոյգերը որոնք չեն յաջողիր պահել այս միասնականութիւնը իրենց բոլոր կեանքի ընթացքին` չգտնելով Եկեղեցւոյ մէջ կարելիութիւնը զիրենք բաժնելու, կը դիմեն պետական հաստատութիւններու, որոնք արդէն գրեթէ աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ` սահմանած են օրէնքներ ապահարզանի, որով աստուածային հաստատութիւն մը կը բաժնեն եւ կը քայքայեն այսպէսով ոչ թէ միայն ընտանիքի եւ ամուսնութեան հիմերը, այլ ամբողջ ընկերութեան մը հիմերը, որովհետեւ ամուսնութիւնը այն հաստատութիւնն է որ առողջ կը պահէ ազգի մը կառոյցը եւ պետութեան մը ամբողջ հիմնարկը։

Բաժանումի հետեւանքները ծանր են բոլոր ընկերութեան համար. Մինչդեռ ամուսնութեան դժուարութիւնները  աւելի դիւրաւ կրնային լուծումներ գտնել, բաժա-նումի յառաջ բերած բարդութիւնները կը թունաւորեն ոչ միայն բաժնուած ընտանիքը, այլ նաեւ ամբողջ գերդաստան մը եւ նոյնիսկ մարդկային համայն ընկերութիւնը։ Աստու-ծոյ կազմած միութիւնը էական է եւ շնորհաբեր մարդոց համար, իրենց բոլոր կեանքի ընթացքին, հակառակ իրենց կրելիք բոլոր դժուարութիւններու. Իսկ մարդուն թոյլատրած բաժանումը կը վնասէ մարդոց ու կը վտանգէ անոնց կեանքի բոլոր ընթացքը։

Մեր խնդրանքն է Տիրոջմէ որ մեր բոլոր հայ ընտանիքներուն պարգեւէ հարկ եղած շնորհքը, որպէսզի իմաստութեամբ կառավարեն իրենց ընտանիքը, զայն պահելով միասնականութեան մէջ, որպէսզի ան ըլլայ սուրբ եւ անարատ եւ պահէ զիրենք կեանքի բոլոր դժուարութիւններուն եւ խոչընդոտներուն դէմ. Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/09/2020, 07:35