Գաղթականներու կեդրոնին մէջ մեծ հրդեհ Գաղթականներու կեդրոնին մէջ մեծ հրդեհ 

Լեզւոս կղզիի Եւրոպայի Մորիա անուան գաղթականներու ամենամեծ կեդրոնին մէջ ծագած է մեծ հրդեհ մը։

Ֆրանչիսկոս Պապ չորս տարի առաջ, 16 ապրիլ 2016ին, այցելեց Յունաստանի Լեզւոս կղզիի միեւենոյն գաղթականներու կեդրոնը ։

Վազէն Աբարդեան - Վատիկան

Լեզւոս կղզիին, Եւրոպայի ամենամեծ «Մորիա» անուան գաղթականներու կեդրոնի մէջ ծագած են շարք մը հրդեհներ, որոնց  պատճառաւ աւերի վերածուած է աւելի քան 12700 քաղաքական ապաստանութիւն խնդրող անձեր հիւրընկալող կառոյցը։ Հազարաւոր գաղթականներ ,որոնց շարքին կիներ, մանուկներ, ստիպուած եղան փախչելու՝ հրդեհներէն փրկուելու համար։

Ունկնդրէ լուրը

Անցեալ շաբաթ, միեւնոյն գաղթավայրին մէջ, Քովիտ ժահրի պարագայի մը բերումով, գաղթականները արդեն դժուար կացութեան մէջ էին՝ ապրելով  մեկուսացումի պայմաններու մէջ։

«Եւրոպական միութիւնը իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց գաղթականներու տեղափոխութեամբ զբաղելու», այս մասին հաստատեց, ներքին հարցերու Եւրոպայի  յանձնակատար, Տիկին Իլվա Ժոհանսոն։

Յայտնենք, թէ Ֆրանչիսկոս Պապ չորս տարի առաջ, 16 ապրիլ 2016ին, այցելեց Յունաստանի Լեզւոս կղզիի գաղթականներու կեդրոնը, ընկերակցութեամբ Բարթողիմէոս Ա ՏիեզրեականՊատրիարքին , Աթէնի եւ համայն Յունաստանի արքեպիսկոպոս՝ Իերոնիմոսին։

Նշենք նաեւ որ Նորին Սրբութիւնը իր քահանայապետութեան շրջանին յաճախ յիշած է Լեզւոս Կղզի կատարած   այցելութիւնը։ Վերջերս, Յիսուսի Սուրբ Յարութեան տօնին առթիւ արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը նշեց
«Չեմ ուզեր մոռնալ Լեզւոս կղզին, գաղթականներուն, մանուկներուն տառապանքները։»

Լեզւոսս կղզի կատարած այցելութեան աւարտին Ֆրանչիստկոս Պապ քաջալերեց  գաղթականները  ըսելով « Երբեք մի կորսնցնէք  ձեր յոյսը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/09/2020, 13:50