Որոնել

Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիրարք Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիրարք 

Գրիգրոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիարքը. «Արցախի վրայ Ազրպէյճանի սանձազերծած յարձակումը, Մարդու Իրաւունքի եւ միջազգային կանոններու խախտում է»։

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Տէր Տէր Գրիգրո Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիարքը 28 սեպտեմբերին ուղերձ յղած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ, Տիար Նիկոլ Փաշինեանին, Արցախի դէմ Ազրպէյճանի սանձազերծած գործողութեան առնչութեամբ։

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Տէր Տէր Գրիգրո Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիարքը, 28 սեպտեմբերին ուղերձ յղած է Հայաստանի ,Հանրապետութեան վարչապետ,  Տիար Նիկոլ Փաշինեանին, Արցախի դէմ Ազրպէյճանի սանձազերծած գործողութեան առնչութեամբ, յայտնելով իր եւ ամբողջ կաթողիկէ համայնքին զօրակցութիւնը , Արցախի եւ Հայաստանի մեր քոյրերուն , եղբայրներուն եւ  քաջարի բանակին։

Ուղերձին մէջ Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ հոգեւոր Տէրը Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ նախաձեռնած յարձակումը նկատած է մարդու իրաւունքի եւ միջազգային կանոններու խախտում։

Ունկնդրէ լուրը

Ուղերձին մէջ նշուած է

Մեծայարգ Տիար Վարչապետ,
Լարուած ուշադրութեամբ եւ խոր մտահոգութեամբ հետեւեցանք եւ կը շարունակենք մօտէն հետեւիլ Արցախի վրայ Ատրպէյճանի սանձազերծած յարձակումին, Մարդու Իրաւունքի եւ միջազգային կանոններուն խախտում է։

Մտահոգութեամբ կը հետեւինք նաեւ Արցախի վրայ կատարուած յարձակումին սպառնալից զարգացումներուն նաեւ Հայաստանի ուղղութեամբ։

Կը յայտնենք մեր ամբողջական զօրակցութիւնը Արցախի եւ Հայաստանի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն, քաջարի բանակին եւ այն բոլոր միջոցառումներուն որոնց կը նախաձեռնէք ի խնդիր Մայր Հայրենքի եւ Արցախի անվտանգութեան ապահովումին, եւ կը վստահեցնենք Ձեզ որ մեր շփումներուն ընթացքին մեր խօսակցութիւններուն ուշադրութիւնը պիտի հրաւիրենք ատրպէյճանական յարձակումներու շարունակումին հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին եւ խաղաղութեան վերահաստատման ի խնդիր անհրաժեշտ միջամտութիւնները կատարելու կարեւորութեան վրայ։

Կ՝աղօթենք եւ կը խնդրենք Ամենակալէն օգնել խաղաղութեան վերահաստատումին բոլոր ազգերուն միջեւ եւ իր հովանիին տակ պահել ու պաշտպանել Իրեն հաւատարիմ առաջին քրիստոնեայ Ազգին զաւակները , մխիթարել զոհերուն հարազատները եւ շուտափոյթ եւ ամբողջական ապաքինում տալ վիրաւորներուն։

Գրիգոր Պետրոս Ի
Կաթողիկոս Պատրիարք
Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/09/2020, 07:44