Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստը Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստը 

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդ. «Չէզոքութիւնը քաղաքական կայունութեան երաշխիքն է եւ տնտեսական աճի աղբիւրը»

Նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ խորհուրդը շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի` ի խնդիր Լիբանանի անոր ի գործ դրած ջանքերուն համար:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, չորեքշաբթի, 2 սեպտեմբերին, Տիմանի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւններ:

Ունկնդրէ լուրը

Նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ խորհուրդը շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի` ի խնդիր  Լիբանանի անոր ի գործ դրած ջանքերուն համար:

Խորհուրդը ողջունեց զինուորական հաստատութիւններուն եւ քաղաքացիական ընկերութեան, յատկապէս երիտասարդներուն ջանքերը, որոնք բոլոր շրջաններէն ուղղուեցան Պէյրութ` նեցուկ կանգնելու իրենց եղբայր քաղաքացիներուն եւ անոնց մարդկային ծառայութիւններ մատուցելու:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը  յոյս յայտնեց, որ նորանշանակ վարչապետ Մուսթաֆա Ատիպ անյապաղ կը կազմէ կառավարութիւնը: Խորհուրդը կոչ ուղղեց` կազմելու փրկութեան կառավարութիւն մը` հեռու քաղաքական եւ կուսակցական պատկանելիութենէ:

Խորհուրդը գոհունակութիւն յայտնեց նաեւ Ռայի պատրիարքի առաջարկած չէզոքութեան կոչին նկատմամբ ցուցաբերուած ազգային եւ ժողովրդային զօրակցութեան` հաստատելով, որ չէզոքութիւնը քաղաքական կայունութեան երաշխիքն է եւ տնտեսական աճի աղբիւրը:

Քաղուած «Ազդակ»էն։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/09/2020, 07:50