Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս 

Սուրբ Գայիանէ վանքին մէջ Հանրապետական մաղթանք՝ Հայաստան եւ Արցախ աշխարհի խաղաղութեան Համար

Ամենայն հայոցը ընդգծած է, թէ այսօր պահն է, որ ազգովի անվեհեր պայքարով մեր հայրենիքը պաշտպանենք թշնամիէն եւ վկայենք մեր միասնականութեան ուժն ու ոգի անպարտելիությունը։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ,
Սեպտեմբեր 29-ին, Սուրբ Գայիանէ վանքին մէջ կատարուած է Հանրապետական մաղթանք մեր հայրենիքի՝ Հայաստան եւ Արցախ աշխարհի խաղաղութեան եւ անսասանութեան համար։ 

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի միաբաններուն մասնակցութեամբ կատարուած մաղթանքի աւարտին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը իր ուղերձը յղած է աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդին՝ նշելով, թէ Արցախ աշխարհի ազատութիւնն ու անկախութիւնը, խաղաղ ու ստեղծագործ կեանքը, մեր սրբազան արժէքները պաշտպանելու գոյամարտը դարձեալ կը մղենք այս օրերուն։

Ամենայն հայոցը ընդգծած է, թէ այսօր պահն է, որ ազգովի անվեհեր պայքարով մեր հայրենիքը պաշտպանենք թշնամիէն եւ վկայենք մեր միասնականութեան ուժն ու ոգի անպարտելիությունը։

«Ի խորոց սրտի կը հայցենք Աստուծոյ Սուրբ Աջի հովանին ու զօրակցութիւնը մեր բանակի քաջարի զինուորներուն, արցախահայ մեր խրոխտ զաւակներուն, աշխարհասփիւռ մեր ողջ ժողովուրդին։ Թող Տիրոջ պահպանութիւնն ու օրհնութիւնը տարածեալ ըլլան մեր հայրենեաց եւ համայն հայութեան վրայ»,- ըսած է Ամենայն Հայոց Հայրապետը։

Նորին Սրբութիւնը, իր խօսքի աւարտին, հրաւիրած է ներկաները վերստին միասնական աղօթք բարձրացնելու առ Աստուած հայրենիքի խաղաղութեան ու անվտանգութեան, հայոց բանակի յաղթանակի, համայն մեր ժողովուրդի ապահով կեանքի ու բարօրութեան, նաեւ յանուն հայրենիքի պաշտպանութեան զոհուած մեր հերոս զաւակներու հոգիներու խաղաղութեան ու հանգստութեան համար։

Քաղուած «Եռագոյն»էն։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/09/2020, 08:20