Ռատիօ Մարիամի կեդրոնի պաշտօնական բացումը Գիւմրիի մէջ։

Ռատիօ Մարիամը ծառայութիւն է Աստուծոյ Խօսքը հասանելի դարձնելու հայրենիքի բոլոր զաւակներուն, ըլլայ Մայր Հայաստանի ըլլայ սփիւռքի մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ 25 սեպտեմբեր 2020-ի կէսօրուայ  ժամը մէկին, Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցաւ Ռատիօ Մարիամի կեդրոնի պաշտօնական բացումը, ի ներկայութեան Արհիապատիւ Ռաֆայէլ Արքեպիսկոպոս Մինասեանի, Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէներու առաջնորդ, Գերյ. Հայր Անդրանիկ Ծ. Վ. Այւազեանի, Տնօրէն Հայաստանի Ռատիօ Մարիամին, Պարոն Միշել Տաուտեանը, Ռատիօ Մարիամի պատուոյ նախագահ, Հայր Գառնիկ Ծ. Վ. Յովսէփեանի, հոգեւոր դասին եւ Ռատիօ Մարիամի բարեկամներուն։

Արարողութիւնը սկիզբ առաւ կեդրոնի մուտքին։  Արհիապատիւ Ռաֆայէլ Արքեպիսկոպոս Մինասեանն ու Ռատիօ Մարիամի տնօրէնը միասին կտրեցին ժապաւէնը,   ապա ներքին սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Տան օրհնութեան կարգը, զոր գլխաւորեց Արհ Ռաֆայէլ Արքեպ Մինասեանը, մասնակցութեամբ հոգեր դասին։

Առաջնորդ Հայրը հուսկ իր սրտի խօսքը ուղղեց ներկաներուն, գոհութիւն մատուցելով առ Աստուած եւ շնորհակալութիւն յայտնելով Ռատիօ Մարիամի կեդրոնի բացման կապակցութեամբ, որպէս ծառայութիւն Աստուծոյ Խօսքը հասանելի դարձնելու հայրենիքի բոլոր զաւակներուն, ըլլայ Մայր Հայաստանի  ըլլայ սփիւռքի մէջ։

Ապա խօսք առաւ Գերյարգելի Անդրանիկ Ծ. Վ. Այւազեանը որ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն եւ առիթէն օգտուելով  խրախուսեց Հայաստանի հայ կաթողիկէ նուիրապետութեան կղերական դասը իր համագործակցութիւնը ապահովեցնելու Ռատիօ Մարիամին, որպէսզի ան ըլլայ ձայն ի սպաս համայն հայ ժողովուրդին։

Արարողութիւնը վերջ գտաւ կօկիկ հիւրասիրութեամբ։

Գերյ Հայր Գառնիկ Ծ. Վ. Յովսէփեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/09/2020, 14:00