«Աստուծոյ կը յանձնուիմ, Յիսուս ինչ որ կ՛ուզէ, այդ թող ըլլայ» «Աստուծոյ կը յանձնուիմ, Յիսուս ինչ որ կ՛ուզէ, այդ թող ըլլայ» 

«Աստուծոյ կը յանձնուիմ, Յիսուս ինչ որ կ՛ուզէ, այդ թող ըլլայ»: Արաքինազարդ Քոյր Պիպիանէի յիշատակին։

Քոյր Պիպիանէն միշտ աշխատած է իր բոլոր կարողութիւնները ի սպաս դնել իր ծառայած առաքելութիւններու յաջողութեան, ինչպէս նաև հասարակական սիրալիր եւ համերաշխ կեանքին ապահովութեան:
Ունկնդրէ լուրը

«Աստուծոյ կը յանձնուիմ, Յիսուս ինչ որ կ՛ուզէ, այդ թող ըլլայ»: Ասոնք եղած են մեր սիրելի Քոյր Պիպիանէին վերջին խօսքերը, գործողութեան սենեակ մտնելէ առաջ: Մի քանի օրուան ընթացքին, այնքան բան փոխուած էր իր առողջական վիճակին մասին որ ոչ ինք, և ոչ ալ զինք շրջապատող քոյրերը հասկցան իր վիճակին լրջութիւնը: Սակայն ինք կարծես նախազգացում մ՛ունէր, քանի որ մէկ օր առաջ, հեռախօսային զրոյցի մ՛ընթացքին, ինծի ըսաւ. «այս տառապանքս կը նուիրեմ Միաբանութեան և կոչումներու համար»:

Երկարատև գործողութենէն յետոյ, մի քանի օր միայն ապրեցաւ Քոյր Պիպիանէն, խոր սուգի մատնելով իր բոլոր միաբանակից քոյրերը և իր հարազատները:

Ծննդեան անունով Նասիմա Ղուկաս, Քոյր Պիպիանէն ծնած է Քամըշլի, 1940 թուականին: Իր նախնական ուսումը ստացած է տեղւոյն մեր քոյրերուն վարժարանէն ներս: Աւելի ուշ, մասնակցած է Քրիստոնէականի դասընթացքներուն։ Մատաղ տարիքին, զգացած է կրօնաւորական կոչումը, սակայն կարգ մը առողջական պատճառներ արգելք եղած են յագեցում տալու իր բաղձանքին:

Վերջապէս, 1984-ի յունուարին, կը մեկնի Հռոմ և 1985 դեկտեմբերին կը ստանայ նորընծայութեան սքեմը: Քոյր Պիպիանէն իր առաջին ուխտերը կը կատարէ Հռոմ, 7 Դեկտեմբեր, 1986-ին, իսկ մշտնջենաւոր ուխտերը՝ Լիբանան, 1992-ին:

Քոյր Պիպիանէի առաջին առաքելավայրը կ՛ըլլայ իր ծննդավայրը ուր եռանդով կ՛աշխատի, յատկապէս կոչումներ քաջալերելով և երիտասարդական ծրագիրներ կազմակերպելով: Յաջորդաբար, ան կը ծառայէ Ս. Ագնէս Վարժարան (1991-1995) , կրկին Քամըշլի (1995-1998) , Ս. Ագնէս (1998-2001) , Քամըշլի և Հասաքէ (1998-2001) : 2007-ին կը մեկնի Եգիպտոս, Գահիրէ, ուր կը կնքէ իր մահկանացուն:

Քոյր Պիպիանէն՝ քահանայական և կրօնաւորական կոչումներ հետապնդելու նպատակով. ծրագրած է զանազան ճամբորդութիւններ: Մասնակցած է Տիրամայր Հայաստանի ճամբարին՝ Ծաղկաձոր, ինչպէս նաև Սփիւռքահայ Ուսուցիչներու Վերապատրաստման Ծրագրին՝ Երեւան:

Քոյր Պիպիանէն միշտ աշխատած է իր բոլոր կարողութիւնները ի սպաս դնել իր ծառայած առաքելութիւններու յաջողութեան, ինչպէս նաև հասարակական սիրալիր եւ համերաշխ կեանքին ապահովութեան: Թող իր հոգին հանգչի երկնքի սուրբերու և հրեշտակներու շարքին:

Աղօթարար և Աղօթահայց՝

Քոյր Արուսեակ Սաճոնեան, Ընդհանուր Մեծաւորուհի

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/09/2020, 07:48