Սրբուհի Մայր Թերեզա Քալքութացիի Անուան Բակի Բացում Աթէնքի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանին մէջ Սրբուհի Մայր Թերեզա Քալքութացիի Անուան Բակի Բացում Աթէնքի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանին մէջ 

Սրբուհի Մայր Թերեզա Քալքութացիի Անուան Բակի Բացում Աթէնքի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանին մէջ

Վառ պահելու համար Սրբուհի Մայր Թերեզայի կեցութեան յիշատակը Աթէնքի Նէոս Քոսմոս Հայ Կաթողիկէ առաջնորդարանի յարկէն ներս, սեպտեմբեր 13ին, Խաչի Վերացման Տաղաւար տօնին առիթով, առաջնորդարանի բակերէն մին անուանուեցաւ Սրբուհի Մայր Թերեզայի բակ։

Սուրբերու մեծարանքը սերտօրէն մաս կը կազմէ քրիստոնէական աւանդութեան եւ Եկեղեցւոյ կեանքին։ Այն ահատները որոնք ունեցած են սրբակրօն վարք եւ որոնք Եկեղեցիներու կողմէ սուրբ կը նկատուին կը բարձրացուին խորաններու պատուին եւ կը վայելեն հաւատացեալներու յարգանքը եւ մեծարանքը։ Մարդիկ կը դիմեն այդ սուրբերու բարեխօսութեան՝ Աստուծոյ մօտ։ Եկեղեցական տարւոյն ընթացքին կը կատարենք բազմաթիւ սուրբերու տօներ։ Այդ տօներու նպատակն է ոչ թէ անհատի մը պաշտամունքը, այլ նախ՝ շնորհակալ ըլլալ Աստուծոյ, որ սուրբերը օժտած է բացառիկ շնորհքներով, ապա՝ յիշատակելով սուրբերը եւ ծանօթանալով անոնց կեանքին՝ մենք ալ ձգտինք անոնց նմանութեամբ հետեւիլ Քրիստոսի, որ իւրաքանչիւր քրիստոնեայի կեանքի նպատակն է։ Առաւել եւս, քրիստոնեայ հաւատացեալները իրենց հանգուցեալ եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ, սուրբերուն հետ միասին կը կազմեն Եկեղեցին։ Բազմահազար են Եկեղեցիներու կողմէ ընդունուած կամ հռչակուած սուրբերը։ Կան սուրբեր որոնք ունին տեղական նշանակութիւն, որոնք մեծարանք կը վայելեն թեմի մը մէջ կամ ազգի մը մօտ կամ երկրի մը մէջ։ Կան նաեւ սուրբեր որոնք ունին տիեզերական ճանաչում, առանց հարանուանական կամ ցեղային կամ նոյնիսկ կրօնական սահմաններու։ Այսպիսի տիեզերական ճանաչում վայելող սրբուհի մըն է Սրբուհի Մայր Թերեզա Քլքութացին, որուն տօնը կատարեցինք սեպտեմբերի 5ին։

Ունկնդրէ լուրը

Մայր Թերեզա, աւազանի անունով Ակնես Պոյաճի, Ծնած է 26 Օգոստոս 1910ին Ալպանիայի մէջ։ Արդէն Մանկութան տարիներուն Ակնեսի մայրը զայն ստէպ կը տեսնէր խորացած խոկումի մէջ։ Փոքրիկ աղջնակը ստէպ կը կարդար Հնդկաստան ծառայած քրիստոնեայ միսիոնարներու մասին, եւ ի մասնաւորի Յիսուսեան կրօնաւորներու կենսագրութիւնները։ Ապագային ինք անձամբ կը վկայէր. «Արդէն 12 տարեկանէս ցանկութիւն ունէի միսիոնար ըլլալու»։ Արդէն փոքր տարիքէն ան խանդավառութեամբ կը մասնակցէր իրենց տան մօտ գտնուող եկեղեցւոյ բոլոր ձեռնարկներուն եւ յատկապէս մարդասիրական գործունէութեան։ Ան աւելի ուշ կը վկայէր. «Երբ լսեցի աստուածային կոչը՝ Տիրոջ ծառայութեան նուիրուելու, շատ ուրախ էի։»

Երիտասարդ Ակնես 18 տարեկանին կ՚ընդունուի Հնդկաստանի Քալքութա (Կալկաթա) քաղաքի վանքի մը մէջ եւ կը կատարէ իր կրօնաւորական ուխտերը 1931 թուականին։ Կը դասաւանդէ քաղաքի միակ դպրոցին մէջ եւ հետզհետէ աւելի կը նուիրուի աղքատ աշակերտներու ծառայութեան։

Մայր Թերեզա 1946 ին կը լսէ Տիրոջ կոչը՝ ծառայելու աղքատներուն եւ ապրիլ անոնց մէջ։ Այս կոչը ան կ՚ընդունէր իբր լուսաւորութիւն՝ Հօր Աստուծոյ կողմէ։ 1950ին կը հիմնէ իր միաբանութիւնը, անուանելով զայն «Գթասրտութեան Միսիոնարներ»։ Ան իր քոյրերուն հետ կը փնտռէր ամենէն աղքատները՝ զանոնք խնամելու եւ անոնց արժանավայել կեանք մը շնորհելու համար։

1965 թուականին Սուրբ Աթոռէն կ՚ընդունի թոյլտուութիւն՝ իր քոյրերը առաքելու աշխարհի չորս ծագերը։ 1983ին կը հասնի Յունաստան չորս քոյրերու ընկերակցութեամբ, իր Յունաստանի առաքելութեան ծնունդ տալով Աթէնք, Նէոս Քոսմոսի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանի յարկին տակ։ Համայնքիս առաջնորդը Գերպ. Յովհաննէս Գոյունեան կը հիւրընկալէ Մայր Թերեզան առաջնորդարանին մէջ։ Այսօր ալ կը պահպանուի այն սենեակը ուր Սրբուհին գիշերած էր իր կեցութեան օրերուն։

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապը ըսած է սրբուհիի մասին. «Մայր Թերեզան աղօթքի կին մըն էր, երբ կ՚աշխատէր իր ձեռքերով, կ՚աղօթէր վարդարանը։ Անոր կեանքը մտերմիկ աղօթքի կեանք մըն էր՝ կենդրոնացած Ամենասուրբ Հաղորդութեան վրայ»։

Մայր Թերեզա պաշտպան սրբուհի է հիւանդութիւններու դէմ։

Մայր Թերեզա, իր ալպանական ծագումով, եւ իր Հնդկաստանի մէջ ծնունդ առած միաբանութիւնը իրենց գործունէութիւնը եւ ծառայութիւնը չեն սահմանափակեր կրօնական կամ ցեղային պատկանելիութիւններու մէջ։ Անոնք իւրաքանչիւր մադու դէմքին մէջ կը տեսնեն Աստուծոյ պատկերը, Քրիստոսի դէմքը։ Ծառայութիւնը որ ծայր առած էր Հնդկաստանի մէջ, այսօր կը տարածուի բոլոր ցմաքամասերու վրայ, բազմաթիւ երկիրներու մէջ։

Արժանի է յիշել թէ 1988ի Հայաստանի երկրաշարժի պատճառած արհաւիրքի օրերուն, Մայր Թերեզայի քոյրերը առանց վարանումի փութացին օգնել Հայաստանի մեր ժողովուրդին։ Մայր Թերեզա Հայաստան կը հասնէր արդէն իսկ 1988ի դեկտեմբերին, չորս քոյրերու ընկերակցութեամբ։ Միաբանութիւնը այսօր Հայաստանի մէջ ունի երկու կենդրոններ։ Սպիտակի մէջ Մայր Թերեզայի Միաբանութան վեց քոյրեր մեծ նուիրումով կը խնամեն շուրջ քառասուն մանուկ եւ չափահաս հաշմանդամներ, հասնելով նաեւ շրջակայ գիւղերու առողջապահական, նիւթական եւ սննդական կարիքներուն։ Երեւանի տան մէջ քոյրերը նուիրուած են մանուկներու հոգատարութեան։ Երեւան քաղաքին մէջ կը գործէ նաեւ Սուրբ Թերեզայի անուան բժշկական համալսարանը։

Վառ պահելու համար Սրբուհի Մայր Թերեզայի կեցութեան յիշատակը Աթէնքի Նէոս Քոսմոս Հայ Կաթողիկէ առաջնորդարանի յարկէն ներս, սեպտեմբեր 13ին, Խաչի Վերացման Տաղաւար տօնին առիթով, առաջնորդարանի բակերէն մին անուանուեցաւ Սրբուհի Մայր Թերեզայի բակ։ Երեկոյեան ժամը 7ին Յունաստանի Հայ Կաթողիկէներու Առաքելական Կառավարիչ Գերպ. Յովսէփ Թ.Ծ.Վ. Պեզազեան մատուցանեց հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ։ Իր քարոզին մէջ ան տուաւ օրուան տօնին պատգամը, մեկնաբանելով Սուրբ Խաչի փրկարար եւ կենդանարար խորհուրդը։ Ան ներկայացուց Սուրբ Խաչը ոչ միայն իբր խորհրդանիշ այլ մեր հաւատքը եւ յոյսը ամրապնդող նշան, որուն վրայ Յիսուս զոհուելով քաւեց մեր մեղքերը։ Սուրբ Պատարագի աւարտին, Մայր Թերեզայի Միաբանութեան Քոյրերու, Թինո կղզիի վրայ ծառայ քոյրերու, հայ, ալպանացի եւ յոյն հաւատացեալներու բազմութեան մը ներկայութեան, Գերպ. Առաջնորդը կատարեց ռեհանի օրհնութիւնը եւ ապա Սրբուհի Մայր Թերեզայի անուան բակի պաշտօնական բացումը։ Բացումի արարողութեան խօսք առին Մայր Թերեզայի Քոյրերու Աթէնքի առաքելութեան Մեծաւորուհի՝ Քոյր Anne Blandine, յունարէն լեզուով։

Սուրբ Պատարագի ծէսին եւ բացման արարողութեան իրենց գործունեայ մասնակցութիւնը բերին համայնքի երիտասարդ-երիտասարդուհիները։ Գերպ. Պեզազեան գնահատեց նաեւ Մայր Թերեզայի անուան բակի յուշատախտակի արձանագրութեան հեղինակը։ Նկատի առնելով Մայր Թերեզայի ալպանական ծագումը եւ անոր գթասրտութեան գործունէութեան ծնունդը Հնդկասատանի մէջ, օրուան հանդիսութիւնը ճոխացաւ ալպանական եւ հնդկական երգ ու պարով։ Ըստ հայկական աւանդութեան, ուրախ մթնոլորտի մէջ տօնը փակուեցաւ խարոյկահանդէսով որուն ընթացքին հնչեց հայ երգը, պարի հարթակ հրաւիրելով խանդավառ ներկաները։

«Ո՛վ Ամենասուրբ Կոյս Մարիամ, թագուհի սրբոց, օգնէ մեզի որ ըլլանք հեզ եւ խոնարհ Սրբուհի Մայր Թերեզայի նման՝ առաքեալներ գթասրտութեան. օգնէ մեզի ըլալլու առաքեալներ Քրիստոսի, որ մեր խաղաղութիւնն է եւ յոյսը. Ամէն»։

Ռ․Ս․

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/09/2020, 11:24