Այսօրուայ աւետարանը կու տայ մեզի պատկերը Վերջին Դատաստանին Այսօրուայ աւետարանը կու տայ մեզի պատկերը Վերջին Դատաստանին 

Կիրակնօրեայ Աւետարանական խորհրդածութիւն։ Տօն Վարագայ Սուրբ Խաչին (Մատթէոս 24, 30-35)

Մեզմէ ամէն մէկու կ՛իյնայ կատարել մեր ընտրութիւնը` մտնելու համար ընտրեալ-ներու խումբին մէջ. Ուստի ի վերջոյ ընտրութիւնը Աստուած չէ որ կը կատարէ, այլ մենք զայն կ՛ընենք, մեր ազատ կամքովը, համապատասխանելով Աստուծոյ շնորհքին
Ունկնդրէ լուրը

Հայ Եկեղեցին ունի Սուրբ Խաչի վերաբերեալ չորս տօներ, ասոնցմէ մին է Վարագայ լերան վրայ 7-րդ դարուն գտնուած խաչի մասունքին տօնը. այս մէկը զուտ հայկական տօն մըն է: Վարագը կը գտնուի Վասպուրականի նահանգին մէջ եւ մօտ է Վանայ լիճին: Ըստ աւանդութեան, Թոդիկ անունով հայ ճգնաւոր մը կը տեսնէ լոյս մը որ կու գար քարայրի մը մէջէն եւ այդ լուսաւոր շրջանակին մէջը, մասունք մը Քրիստոսի Խաչին:

Այսօրուայ աւետարանը կու տայ մեզի պատկերը Վերջին Դատաստանին: Սակայն  այս խօսքերով` Յիսուս չ՛ուզեր մեզ սարսափեցնել, այլ ընդհակառակը` կ՛ուզէ պատրաստել մեր սրտերը իր վերջին գալստեան. Եւ տրուած ըլլալով որ չենք գիտեր ժամը եւ օրը, ուստի միշտ պատրաստ գտնուելու ենք, որպէսզի արժանանանք լոյսերու մէջ դասուելու։ Աստուած հոգին լուսաւորէ կ'ըսենք երբ մէկը վախճանի:

Լաւագոյն պատրաստութեան միջոցն է ապաշխարութիւնը, ոչ թէ որովհետեւ քրիստոնեան մեղաւորի հոգեբանութիւն պէտք է մշակէ, այլ որպէսզի ան խոնարհաբար պատրաստուի ընդունելու Տէրը իր սրտին մէջ. Ապաշխարութեան արտաքին ձեւերէն մին կը կայանայ կուրծքի փախումին մէջ։ Երբ մարդ իր կուրծքը կը ծեծէ, այդ կը նշանակէ թէ կ՛ընդունի իր յանցանքները եւ ինքզինք կը հպատակեցնէ Աստուծոյ. Հայ ծէսին մէջ այս նշանը կը կատարուի հաղորդութենէն անմիջապէս առաջ, որպէս արտաքին նշան մը զղջումի իր մեղքերուն վրայ։

Վարդապետը ինք եւս կ՛ընէ նոյն նշանը պատարագի ընթացքին. Ամէն անգամ որ կ՛արտասանէ Խոստովանիմ-ը, իր կուրծքը կը ծեծէ. Կուրծքը սրտի պատսպարանն է, եւ երբ մեր կուրծքը կը բախենք, կ՛ուզենք ըսել թէ սրտանց կը զղջանք մեր գործած յանցանքներուն համար. Արտաքին ձեւերը կ՛օգնեն աւելի լաւ հասկնալու համար ներքին զգացումները եւ նաեւ աւելի ջերմեռանդ կերպով աղօթելու համար։

Աւետարանին մէջ կ՛ըսուի թէ պիտի գան հրեշտակները եւ պիտի հաւաքեն ընտրեալները աշխարհի չորս ծագերէն. Իսկ որո՞նք են այդ ընտրեալները: Աստուածային ընտրութիւնը յայտնի կ՛ըլլայ ամէն մէկուն վրայ իր տուած շնորհքներով։ Սակայն Աստուած չէ զրկած որեւէ մէկը իր ընտրութենէն. Այնպէս ինչպէս սերմնացանը, Յիսուսի պատմած առակին մէջ` ամէն տեղ կը նետէ ցորենի հատիկները, Աստուած ալ ամէն մարդու կը բաշխէ իր շնորհքները. Բայց, ինչպէս որ կը տեսնենք առակին մէջ, ոմանք կ՛ընդունին այդ խօսքն ու շնորհքը եկած Աստուծմէ, ուրիշներ կարեւորութիւն չեն տար անոր, իսկ ոմանք ալ բոլորովին կը մերժեն զայն ընդունիլ։

Մեզմէ ամէն մէկու կ՛իյնայ կատարել մեր ընտրութիւնը` մտնելու համար  ընտրեալ-ներու խումբին մէջ. Ուստի ի վերջոյ ընտրութիւնը Աստուած չէ որ կը կատարէ, այլ մենք զայն կ՛ընենք, մեր ազատ կամքովը, համապատասխանելով Աստուծոյ շնորհքին։ Մեզ շրջապատող բնութիւնը մեզի նշաններ կ՛ընէ եղանակներու փոփոխութեան առիթով. Ծառերու տերեւներէն, ծաղիկներու բացուելէն, պտուղներու հասնելէն` կրնանք զանազանել տարւոյն մէկ եղանակը միւսէն։ Նոյնպէս ալ` երբ արտաքին նշաններ մեզի ցոյց կու տան թէ կարեւոր ու կենսական որոշում մը պէտք է առնել, իմաստ մը տալու համար մեր կեանքին, պէտք չէ տարակուսիլ, Աստուած է որ կը ղրկէ այդ նշանները որպէսզի հասնինք հոն ուր իր շնորհքը մեզի կը սպասէ. Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/09/2020, 10:26