Փորթուկալի եպիսկոպոսական համահաւաք դասը Փորթուկալի եպիսկոպոսական համահաւաք դասը 

2023-ի երիտասարդներու համաշխարհային օրերու հեռանկարով։

«Քահանայապետը ուրախութեամբ կը հետեւի յառաջիկայ ԵՀՕ նախապատրաստական աշխատանքներուն». Գերապայծառ Ամերիքօ Ակիյար «Լիզպոն 2023 ԵՀՕ հիմնարկ» ի նախագահ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Լիզպոնի Երիտասարդներու համաշխարհային օրը սկզբնական շրջանին նախատեսուած էր 2022ին սակայն Քովիտ – 19 համաճարակի ստեղծած առողջապահական արտակարգ իրավիճակի բերումով յետաձգուեցաւ մէկ տարիով։ Յետաձգուեցաւ նաեւ այդ օրուան հետ կապակցութիւն ունեցող ԵՀՕ խորհրդանիշերուն յանձնումի արարողութիւնը, այսինքն Սուրբ Խաչն ու Մարեմեան խճանկարը։

Ունկնդրէ լուրը

Ձեռնարկ մը՝ որ տեղի կ՛ունենար ընդհանրապէս ծաղկազարդին օրը՝ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, ուր երիտասարդներու պատուիրակութիւն մը՝ որ կը ժամանէ այն երկրէն ուր վերջին անգամ տեղի ունեցած էր ԵՀՕ, յաջորդ օրերը հիւրընկալող երկրի երիտասարդներուն յանձնելու համար խաչն ու Տիրամօր պատկերը։

Այս անգամ արդարեւ պէտք էր որ Փանամայի երիտասարդներու պատուիրակութիւնը, ուր 2019-ին կայացան ԵՀՕ, այդ օրերուն խորհրդանիշ խաչն ու Տիրամօր պատկերը յանձնէր Փորթուկալի երիտասարդներուն, սակայն համաճարակը պատճառ դարձաւ այս արարողութեան յետաձգման։ Առ այժմ յանձնումի արարողութեան թուականը հաստատուած է 22 նոյեմբեր 2020-ին, Յիսուս Թագաւոր տօնին օրը, սակայն ամէն ինչ կախեալ է առողջապահական իրավիճակի ընթացքէն, որովհետեւ պէտք է նկատի առնել միշտ մասնակցողներուն առողջութիւնն ու կեանքը։

Անցեալ 2 սեպտեմբերին՝  «Լիզպոն 2023 ԵՀՕ հիմնարկ» ի նախագահը, գերապայծառ Ամերիքօ Ակիյարը մասնակցած էր՝ Սան Տամազօ գաւիթին մէջ կայացած  Քահանայապետական հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան, ու այս առթիւ հանդիպում ունեցած էր Քահանայապետին հետ որուն բերումով հաստատած է՝ թէ «Քահանայապետը գիտակից է թէ ԵՀՕ նախապատրաստական աշխատանքները ընթացքի մէջ են ու մեզմէ խնդրեց որ նկատի առնենք եւ չի մոռնանք զօրակցութեան չափանիշը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/09/2020, 09:07