Սուրբ Կոյս Մարիամiի ծնունդը Սուրբ Կոյս Մարիամiի ծնունդը 

«Մեծացուսցէ անձն իմ զՏէր» Այսօր տօնն է Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնի Ծննդեան:

Խոնարհութիւնը քրիստոնէական առաքինութիւններուն հիմն է, առանց անոր, մեր հոգեւոր կառոյցը լրիւ փուլ կու գայ: Անով միւս բոլոր առաքինութիւնները կը բարգաւաճին ու կը զօրանան: Իսկ առանց խոնարհութեան, միւս բոլոր առաքինութիւնները կը կորսնցնեն իրենց արժէքը եւ ոչինչի կը վերածուին, գէթ Աստուծոյ աչքին:
Ունկնդրէ լուրը

Աւանդութիւնը Մարիամի Ծննդավայր կը նկատէ Երուսաղէմը. Արդարեւ այսօր Սրբուհի Աննա Եկեղեցին որ խնամքին տակն է Ֆրանսայի Հանրապետութեան եւ կը կառավարուի ֆրանսացի վարդապետներէ եւ որ կը նկատուի Մարիամի ծննդավայրը, կը գտնուի հին Երուսաղէմին մէջ:

Թէ ինչպէս Մարիամ հետագային Նազարէթ փոխադրուեցաւ, որով Գաբրիէլ հրեշտակին աւետումը տեղի ունեցաւ Գալիլիոյ Նազարէթ քաղաքին մէջ, յայտնի չէ աւանդութենէն:

Այսօրուայ աւետարանը կը յիշատակէ Մարիամի այցը իր ազգականին' Եղիսաբեթի, որ Աստուծոյ մէկ թելադրութեամբ' իմացաւ թէ ինչ մեծ պատուի արժանացած է իր զարմուհին' Մարիամը եւ անոր խօսելէն առաջ իսկ, զինք կանխելով' կը բացագանչէ. Ինչպէս կ'ըլլայ որ արժանի եղայ որ Տիրոջ մայրը ինծի այցելութեան գայ: Եղիսաբեթի այս խոնարհ բացագանչութեան կը պատասխանէ Մարիամ խոնարհութեամբ, վերագրելով իրեն եղած այս պատիւը Աստուծոյ շնորհքին. Մեծացուսցէ անձն իմ զՏէր, Աստուած է որ իմ անձս բարձրացուց:

Մարիամի արտասանած խօսքերը սաղմոս մըն էին, գրուած տասնեակ մը դարեր առաջ, որ սակայն կը յարմարէին այդ օրերուն կատարուած իրողութեան, այսինքն Գաբրիէլ հրեշտակի աւետումին:  Մարիամ, առանց նկատի առնելու իր անձնական վիճակը, որպէս յղի կին, մնաց Եղիսաբեթի մօտ, անոր օգնելու համար, այս վերջինին յղիութեան վերջին երեք ամիսներուն շրջանին: Ահա ուրիշ քրիստոնէական արարք մը, որով մարդ, առանց նկատի առնելու ինքիր ցաւերն ու յոգնութիւնը, կը մտածէ օգտակար ըլլալ իր ընկերոջ, հարկ եղած ծառայութիւնները մատուցանելով իրեն:

Աստուած մեզմէ ամէն մէկուն կոչում մը տուած է, նախ զինք պատուելու եւ ապա ուրիշներու ի սպաս դնելու մեր ձիրքերն ու կարողութիւնները, խոնարհաբար ծառայութիւն մատուցանելով իրենց: Սակայն մենք յաճախ կը հպարտանանք մեր ունեցած յատկութիւններով եւ կ'արհամարհենք ուրիշները: Այդ օրինակը չէ որ կու տան մեզի այսօր Մարիամ եւ Եղիսաբեթ: Ի՛նչ է իմ արժանիքս կ'ըսէ Եղիսաբեթ, Հզօրը ինծի սքանչելիքներ ըրաւ կը բացագանչէ Մարիամ:

Խոնարհութիւնը քրիստոնէական առաքինութիւններուն հիմն է, առանց անոր, մեր հոգեւոր կառոյցը լրիւ փուլ կու գայ: Անով միւս բոլոր առաքինութիւնները կը բարգաւաճին ու կը զօրանան: Իսկ առանց խոնարհութեան, միւս բոլոր առաքինութիւնները կը կորսնցնեն իրենց արժէքը եւ ոչինչի կը վերածուին, գէթ Աստուծոյ աչքին:

Միշտ յիշելու ենք որ բոլոր այն շնորհքները որոնց արժանի եղաւ Մարիամ, ինքիրեն չպահեց այլ օգտակար դարձուց բոլոր մարդկութեան անխտիր: Միայն քրիստոնեաները չեն որ հրաշքներ կը ստանան երկնքէն: Այս օրերուս վկայ ենք թէ որքան հրաշքներ կը գործուին ի նպաստ այլ կրօնքներու պատկանողներուն: Իսկ մենք քրիստոնեաներս, ինչու՛ պիտի զրկուինք նոյն շնորհքներէն:

Դիմենք մեր երկնաւոր Մօր, մանաւանդ իր տօնին առթիւ եւ ապահով պիտի ըլլանք որ ան մտիկ պիտի ընէ մեզի ու մեր սպասածէն աւելի արագօրէն պիտի կատարէ մեր խնդրանքները: Ամէն:

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/09/2020, 08:02