Տօն Վարագայ Սրբոյ Խաչին Տօն Վարագայ Սրբոյ Խաչին 

Տօն Վարագայ Սրբոյ Խաչին

Այս է խաչին խորհրդանիշը, խաչը քրիստոնէութեան համար գերագոյն նշանն է: Մեզ զանազանողը ուրիշ կրօնքներէն: Խաչը զարդ մը չէ, որ երբ ուզենք կրնանք վերցնել, կամ դնել. ան միշտ պէտք է մեր սրտերուն մէջ կրենք: Սրտին մէջ կրել կը նշանակէ խոնարհ ըլլալ , ներողամիտ ըլլալ , զոհուող ըլլալ եւ սիրող ըլլալ:

Ծիսական տարուան մէջ Հայ Եկեղեցին ունի Քրիստոսի սուրբ խաչին նուիրուած չորս տօներ. Սուրբ Խաչի Երեւման տօնը կամ Երեւումն Սուրբ Խաչի, Սուրբ Խաչի Վերացման տօնը կամ Խաչվերացը, Վարագայ Սուրբ Խաչը եւ Խաչի Գիւտի տօնը կամ Գիւտ Խաչի: Բացի Վարագայ Սուրբ Խաչի տօնէն, որ զուտ հայկական ծագում ունի, Սուրբ Խաչին նուիրուած միւս երեք տօները կը նշէն նաեւ քրիստոնէական միւս եկեղեցիները:

Վարագայ Ս. խաչի տօնը ամէն տարի կը տօնուի Սուրբ Գէորգին յաջորդող Կիրակին, որ միշտ Սեպտեմբեր 28-ի ամենէն մօտ Կիրակին է։

Աւանդութեան համաձայն Հռիփսիմեան կոյսերը իրենց հետ Հայաստան կը բերեն Տիրոջ խաչափայտի մասունքը, ու զայն կ՛ամփոփեն Վանի  հարաւարևելեան կողմը  գտնուող Վարագայ լեռան Գալիլեա կոչուած  քարայրին մէջ:

 Հետագային, երբ կոյսերը այլևս չկային, շատերը կ՛ուզեն փնտռել ու գտնել  Սուրբ Խաչի մասունքը:

 Շուրջ 653 թուականին, երկու ճգնաւորներ, Հովել եւ Թոդիկ, աղօթքի պահուն տեսիլք մը կ'ունենան. հրաշալի լուսաւորութիւն մը  կը տեսնեն Վարագայ լերան գագաթին: Եւ իսկոյն կը փութան դէպի այդ լոյսը, վանքին եկեղեցին կը մտնեն  եւ կը տեսնեն խաչը սեղանին վրայ հանգչած:

Հրաշալի լուսաւորութիւնը կը տեւէ 12  օրեր: Հեռաւոր շրջաններէն հաւատացեալներ կու գան Ս. Խաչի մասունքը տեսնելու: Այս առիթով Ներսէս Շինող կաթողիկոսը խաչին տեսիլքովն հիացած կը յօրինէ «Նշանաւ ամենայաղթ խաչիւդ քո Քրիսոտս» գեղեցիկ շարականը , ինչպէս նաեւ կը թելադրէ մէկ շաբթուայ պահեցողութիւն:

Այս է խաչին խորհրդանիշը, խաչը քրիստոնէութեան համար գերագոյն նշանն է: Մեզ զանազանողը ուրիշ կրօնքներէն: զայն կը կրենք մեր կուրծքերուն վրայ, մեր տուներուն եւ եկեղեցիներուն մէջ, մեր ինքնաշարժներուն եւ դպրոցներուն մէջ : Խաչը զարդ մը չէ, որ երբ ուզենք կրնանք վերցնել,  կամ դնել. ան միշտ պէտք է մեր սրտերուն մէջ կրենք: Սրտին մէջ կրել կը նշանակէ խոնարհ ըլլալ , ներողամիտ ըլլալ , զոհուող ըլլալ եւ սիրող ըլլալ: 

        

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/09/2020, 08:25