Սուրբ Ֆրանչիսկոսի սրբավայրը Սուրբ Ֆրանչիսկոսի սրբավայրը 

«Խաղաղութեան եւ եղբայրութեան մարդկային շղթայ մը». Ասիզիէն  դէպի Փերուժիա քայլարշաւ։

Խաղաղութիւն կերտենք ՝ մէկը միւսին հոգ տանելու միջոցաւ, որովհետեւ չենք կրնար մինակ ապրիլ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Յառաջիկայ 11 հոկտեմբերին, տեղի կ՝ունենայ Ասիզիէն դէպի Փերուժիա քայլարշաւ, ունենալով որպէս նպատակ  մտածել խաղաղութեան մասին ու կերտել ՝մէկը միւսին հոգ տանելու միջոցաւ, որովհետեւ չենք կրնար մինակ ապրիլ։

Ունկնդրէ լուրը

Քայլարշաւի  ծիրէն ներս տեղի պիտի ունենայ  «Խաղաղութեան ժամանակ» նիւթով ազգային համագումար որ պիտի գումարուի ոչ միայն Ասիզի քաղաքին եւ այլ իտալական շատ մը քաղաքներուն մէջ  ։

Փերուժիա քաղաքէն դէպի Ասիզի 25, քմ հեռաւորութեամբ քայլարշաւի ներկայացումին ընթացքին, կազմակերպիչ կոմիտէի անդամ Ֆլավիօ Լոթի նշեց, թէ  անհրաժեշտ է կառուցել նոր յարաբերութիւններ, նոր խաւ՝  եղբայրութեան հիմքի վրայ,եւ այսօր քան՝ երբեք կարիքը կայ անձերուն, որ յանձնառու են այդ  ուղղութեամբ։ Ան ապայ յայտնեց թէ աշխարհի մէջ բազմաթիւ երկիրներ խաղաղութիւն կը փափաքին եւ մեծ է թիւը դժուարութեան մէջ գտնուող ընտանիքներուն, ժողովուրդներ որոնք  չեն ճանչցած խաղաղութիւնը։

«Որոշեցինք մարդկային շղթայ ձեռնարկը իրականացնել, որովհետեւ Փերուժիա - Ասիզին հրաւէր է  խաղաղութեան յանձնառութեան, որ Քովիտ 19 ժամանակաշրջանին աւելի հրատապ կը նկատուի ու կարիքը կը զգացուի խաղաղութեան կերտիչներ ունենալու։ Անձեր որոնք պատասխանատուութիւնը կը ստնանձնեն մտածելու եւ խաղաղութիւն կառուցելու։» ըսաւ քայլարշաւի կազմակերպիչ կոմիտէի անդամ, տիար Ֆլավիօ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/09/2020, 11:12