Ռայի Պատրիարք։ Ռայի Պատրիարք։ 

«Լիբանանը փրկելը ազնիւ պարտականութիւն է աշխարհի համար» Ռայի Պատրիարք։

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչին առթիւ Մարոնի Համայնքի Պատրիարք Կարդինալ Պշարա Պութրոս Ռայի Վատիկան Նիուզի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց թէ լիբանանցիները մեծապէս գնահատեցին Քահանայապետին ձեռնարկը ու թէ ի սրտէ շնորհակալութիւն կը յայտնեն Անոր։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի նաւահանգիստի մէջ մէկ ամիս առաջ կայացած ահաւոր պայթումէն ետք, որ ոչնչացման եզրին հասցուցած էր նաւահանգիստը ու անոր շրջակայքի շէնքերը, պատճառեց 220 մեռեալ, 6 հազար վիրաւոր եւ 300 հազարէ աւելի  տեղահաններ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, անցեալ օր չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին յատուկ ու երկար կոչ մը ուղղելով Լիբանանին համար՝ 4 սեպտեմբերը յայտարարեց Լիբանանին նուիրուած աղօթքի եւ ծոմապահութեան օր, որուն առթիւ որպէս իր պատգամաւոր Լիբանան ուղարկեց Վատիկանի Պետքարտուղարը՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, Լիբանանցիներուն արտայայտելու համար Քահանայապետին «մօտիկութիւնն ու զօրակցութիւնը» եւ հրաւիրելու համար բոլոր միւս դաւանանքներու եղբայրներն ու քոյրերը, միանալու այս աղօթքի ու ծոմապահութեան ձեռնարկին, իրենց պատշաճ ու յարմար գտած ձեւերու միջոցաւ։ «Բայց այս մէկը ընենք բոլորս միասին» ըսած էր Ֆրանչիսկոս Պապը քաջալերելով բոլոր Լիբանանցիները շարունակելու ապրիլ յոյսով։

Նորին Սրբութեան կոչին առթիւ Մարոնի Համայնքի Պատրիարք Կարդինալ Պշարա Պութրոս Ռայի Վատիկան Նիուզի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց թէ լիբանանցիները մեծապէս գնահատեցին Քահանայապետին ձեռնարկը ու թէ ի սրտէ շնորհակալութիւն կը յայտնեն Անոր։

Կարդինալ Ռային հուսկ վերյիշեց 1989-ի սեպտեմբերի 7-ին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ կողմէ հռչակուած Լիբանանի համար աղօթքի օրը։ «Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս  Բ աշխարհի կաթողիկէ եպիսկոպոսներուն ուղղած մէկ առաքելական նամակի մը մէջ խնդրած էր աղօթքի յատուկ օր մը նուիրել Լիբանանի համար։ Այդ նամակին մէջ ան կ՛ընդգծէր թէ Լիբանանը Երկիր ըլլալէ աւելին է, ան ազատութեան պատգամ է, տիպար բազմազանութեան ըլլայ Արեւելիքի ըլլայ Արեւմուտքի համար։ Լիբանանին ոչնչացումը կը դառնայ աշխարհի ամենամեծ խղճի խայթերէն  մին, անոր պաշտպանութիւնն ու փրկութիւնը ամենահրատաապ ու ազնիւ պարտականութիւններէն մին է զոր ժամանակակից աշխարհը պէտք է ստանձնէ»։

«Ահա այժմ Ֆրանչիսկոս Պապը դարձեալ կեանքի կը կոչէ Լիբանանի համար այս աղօթքը» ըսաւ Ռայի պատրիարքը, որ ապա յայտնեց թէ իրենք մեծ կարեւորութիւն կու տան ձեռնարկին ու թէ անցեալ հոկտեմբեր ամիսէն ի վեր, որպէս եկեղեցի, իրենք եւս ձեռնարկած էին յատուկ վարդարանի աղօթքը ի նպաստ Լիբանանի։ «Այժմ Քահանայապետի այս կոչին շնորհիւ պիտի ապրինք տիեզերական եկեղեցւոյ աղօթքի պահ մը» յարեց Մարոնիներու Պատրիարքը։

Նշենք թէ իր անցեալ օրուայ կոչին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ վերակոչելով Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ խօսերը հաստատած էր՝ թէ «Լիբանանը կարելի չէ լքել իր առանձնութեան մէջ» ու թէ «100 տարիներու տեւողութեամբ  ան եղած է յոյսի երկիր մը, հանդուրժողականութեան, յարգանքի եւ համակեցութեան բացառիկ վայր մը»։

«Երկրին բարիքին համար եւ նոյնիսկ աշխարհի բարիքին համար չենք կրնար թոյլ տալ որ այս ժառանգութիւնը անհետանայ» հաստատած էր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/09/2020, 08:34