Պէյրութի նաւահանգիստի մէջ պայթումի վայրը Պէյրութի նաւահանգիստի մէջ պայթումի վայրը 

«Երանի՜ անոր, որ թշուառին հոգ կը տանի. Նեղութեան ժամանակ Տէրը զայն պիտի փրկէ» (ՍՂ. 40, 2)

Արհիապատիւ Եղիա Եպիսկոպոս Եղիայեանի կոչը ի նպաստ լիբանանին։
Ունկնդրէ լուրը

Տիրոջ կողմէ ներշնչուած սաղմոսերգուին հետ, ձեզմէ իւրաքանչիւրը կʼուզեմ զգայնացնել եւ կրկին շահագրգռել՝ Պէյրութի նաւահանգիստին շրջափակէն ներս տեղի ունեցած ահռելի պայթումին պատճառով ստեղծուած կացութեան մասին:

Հարիւրաւոր զոհեր, հազարաւոր վիրաւորներ, տասնեակ հազարներով քանդուած բնակարաններ, հարիւր հազարներով անտուն մնացած մարդիկ, տասնեակ միլիոններով նիւթական վնասներ տեղի ունեցան նաւահանգիստին շրջակայ եւ հայահոծ թաղերուն մէջ:

Վստահաբար մօտէն հետեւեցաք մանրամասնութիւններուն եւ ցաւի, նեղութեան, յուսահատութեան, բողոքի եւ ընդվզումի արտայայտութիւններուն եւ շտապ օգնութեան կանչերուն՝ հեռատեսիլով կամ ընկերային ցանցերու միջոցաւ:

Անպայման ձեր մտքին եւ սրտին մէջ արթնցաւ մարդկային եւ ազգային եղբայրսիրութեան ու համերաշխութեան ոգին ի տես սարսափելի տեսարաններուն եւ անմիջական օժանդակութեան ճիչերուն:

Արդէն քաղաքական, տնտեսական եւ դրամական անկայուն տագնապները մեծապէս կը ճնշէին ժողովուրդին վրայ, եւ «պսակաձեւ ժահր»- ին պատճառով շատ մը ընտանիքներ կորսնցուցած էին իրենց նեցուկ եղող հարազատներէն մաս մը:

Պայթումին յաջորդ օրերուն, Ֆրանսայի մեր եկեղեցիներուն մէջ անմիջական աղօթքներ եւ պատարագներ մատուցուեցան ի հանգիստ զոհերուն հոգիներուն, բուժում վիրաւորներուն եւ ի սփոփանք ու համբերութիւն նիւթական վնաս կրողներուն, յուսալքուածներուն, անտուններուն եւ շտապ կարիքաւորներուն ու կարօտեալներուն:

Նոյն ատեն, համագործակցութեամբ մեր կղերին, եւ բարեսիրական ու մշակութային միութիւններուն անդամներուն հետ հաստատեցինք յատուկ հիմնադրամ մը՝ ի նեցուկ եւ ի նպաստ Պէյրութի պայթումին պատճառով արկածեալներուն եւ աղիտահարներուն: Ներքուստ կը գտնէք կերպը եւ հաշիւին տուեալները ձեր անմիջական ներդրումը եւ մասնակցութիւնը յառաջ բերելու. եւ այսպէս ընելով ձեր ու ձեր ընտանիքներուն, ազգին եւ հայրենիքին վրայ կը տեղացնէք աստուածային օրհնութիւնները, ըստ սաղմոսերգուին մաղթանքին շարունակութեան. «Տէրը պիտի պահէ եւ պաշտպանէ եւ երկրիս վրայ երջանկութիւն պիտի պարգեւէ» (Սղ. 40, 3):

Association Alliance Arménienne IBAN : FR76 3006 6108 0200 0218 3460 131 BIC : CMCIFRPP

Քաղուած «L’Eglise Armenienne» պարբերաթերթէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/09/2020, 07:34