Որոնել

Երիտասարդներու աղօթք հաւաք Երիտասարդներու աղօթք հաւաք 

Երիտասարդներուն միջազգային համամիութենական երկրորդ օրը։ «Երիտասարդներն ու հոգեկան առողջապահութիւնը։»

Երիտասարդներուն համաշխարհային համամիութենական միջազգային օրուան  գաղափարը յղացուած է 1999-ին, ճիշդ 12 օգոստոսին , ՄԱԿի կողմէ հաստատուած երիտասարդներուն համաշխարհային օրուան ծրագիրէն։

Վազգէն Աբարդեան  - Վատիկան

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 12ին, երիտասարդներուն համաշխարհային համամիութենական օրն է , կազմակերպուած եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի կողմէ։ Ձեռնարկին այս տարուան նիւթն է «երիտասարդներն ու հոգեկան առողջապահութիւնը։»

Ունկնդրէ լուրը

Անցեալ տարի նշեալ ձեռնարկը առաջին անգամուան համար տեղի ունեցաւ Ճընեւի մէջ։ Երիտասարդներուն համաշխարհային համամիութենական միջազգային օրուան  ծրագիրի գաղափարը յղացուած է, 1999ին, ճիշդ 12 օգոստոսին , ՄԱԿի կողմէ հաստատուած Երիտասարդներուն համաշխարհային օրուան ծրագիրէն, որուն նպատակն է լուսարձակի տակ առնել երիտասարդներուն մասնակցութեան կարեւորութիւնը ընկերութենէն ներս։

Երիտասարդներուն համաշխարհային համամիութենական օրուան շրջագիծէն ներս կազմակերպուած է առցանց աղօթքի պահեր ինչպէս նաեւ զրոյցներ մասնագէտներու հետ ։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/08/2020, 09:27