Պէյրութի աւերակները Պէյրութի աւերակները 

Սուրբ Երկրի Ֆրանչիսկեան պահակութեան զօրակցութիւնը Լիբանանի եղբայրակիցներուն ու համայն լիբանանցիներուն։

Եղբայր Փերրի մը մաղթէ նաեւ որ միջազգային զօրակցութեան շարժում մը ի գործ դուրի որպէսզի օգնութեան հասնի լիբանանի ժողովուրդի պահանջներուն:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Երկրի Ֆրանչիսկեան Պահակութեան Պահակ՝ Եղբայր Միքայէլ Փերրի Լիբանանի եղբայրակիցներուն ու համայն ժողովուրդին յղած նամակով մը, ուզած է Ֆրանչիսկեան Պահակութեան զօրակցութիւնն ու մօտիկութիւնը արտայայտել Լիբանանցիներուն, որոնք թիրախ եղան անցեալ 4 օգոստոսի ահաւոր պայթումին։

«Անմեղ կեանքերու կորուստը, բազմաթիւ վիրաւորներու տառապանքը ու  կալուածներու կործանարար ոչնչացումը, որ հարիւրաւոր ընտանիքներ դարձուց անօթեւան, կը ստեղծէ յուսահատութեան զգացում մը։ Քորոնաժահրի ահազանգը եւ քաղաքական համակարգի փլուզումը կը սրացնեն մղձաւանջը ու կը սպառնան ստեղծել անիշխանութեան մթնոլորտ, որ կարող է յառաջացնել աւելի մեծ տառապանքները եւ անորոշութիւն». Այսպէս կ՛արտայայտուի Սուրբ Երկրի Ֆրանչիսկեան Պահակութեան Պահակ՝ Եղբայր Միքայէլ Փերրի իր Լիբանանի Ֆրանչիսկեան միաբանութեան եղբայրներուն, քրիստոնեայ հասարակութիւններուն, քրիստոնեայ եկեղեցիներուն ու այլ դաւանանքներու ղեկավարներուն ուղղած նամակին մէջ, ուր կը յայտնէ մտահոգութիւն ու կը վստահեցնէ աղօթք՝ որպէսզի Աստուած Ամենակալ լոյս, ուժ եւ քաջութիւն շնորհէ Լիբանանի Ժողովուրդին։

Եղբայր Փերրի մը մաղթէ նաեւ՝ որ ի գործ դրուի միջազգային զօրակցութեան շարժում մը, որպէսզի օգնութեան հասնի լիբանանի ժողովուրդի պահանջներուն։ Ան ապա կոչ կ՛ուղղէ Ֆրանչիսկեան Միաբանութեան բոլոր մասնաճիւղերուն, իրենց կարգին, ֆինանսական օժանդակութիւններ ապահովելու ու այդ մէկը կատարելու համագործակցելով Պահակութեան հետ, որ կը գործէ «ի սպաս ամենակարիքաւոր մարդոց» գրած է եղբայր Փերրի։։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/08/2020, 12:14