Արցախ. Հայկական եկեղեցի Արցախ. Հայկական եկեղեցի 

Հայ եկեղեցւոյ ծէսը և ծիսակարգը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (ԺԵ)։

Այսօր պիտի անդրադառնանք Հայ Եկեղեցական Տոմարի բարեկարգութեան զանազան փուլերուն:

Ժե. Հաղորդաշար

Ողջոյն ձեզ յարգելի ունկնդիրներ.

Այսօր պիտի անդրադառնանք Հայ Եկեղեցական Տոմարի բարեկարգութեան զանազան փուլերուն:

Ունկնդրէ լուրը

551 թուին, Հայոց Եկեղեցին՝ Անդրէաս Բիւզանդացիի զատկական հաշիւներուն երկերիւրեակին սպառելէն ետք, և Քաղկեդոնի չորրորդ տիեզերական ժողովի կարգ մը որոշումները մերժելուն հետեւանքով, ինչպէս նաեւ Ընդհանրական Եկեղեցւոյ հետ դաւանական խնդիրներ ստեղծուելուն իբրեւ հետեւանք՝ իր ընթացքը փոխեց,  հայկական տարեթիւով նոր օրացոյցի գործածութիւնը սկսաւ, և տոմարական բարեկարգութիւններու շրջան մը ապրեցաւ: Յետ այսու՝ հայ մատենագիրները սկսան Հայոց տարեթիւերը գրել այբուբենով, անոր վրայ գումարելով 551 թիւը, ունենալու համար հռոմէական օրացոյցի թուականը:

Մովսէս Բ. Եղիվարդեցի (574-604) Կաթողիկոսը՝ հայկական տոմարի կազմութեան և բարեկարգութեան գլխաւոր հեղինակներէն մին կը համարուի, որ իր գահակալութեան առաջին օրերէն հետամուտ եղաւ Զատկական տոմարի գործը միանգամ ընդմիշտ կարգաւորելու և 584 թուին, Դուինի մէջ ժողով մը գումարեց, որու ընթացքին էաս Աղեքսանդրացիի 532 տարիներու ցուցակը նախադասեց և գործադրութեան մէջ դրաւ:  

661-667 թուականներուն՝ Հայոց Անաստաս Ակոռեցի Կաթողիկոս հայկական տոմարի բարեկարգման ուղղութեամբ՝ ժամանակի մեծ գիտնական՝ Անանիա Շիրակացիին դիմելով, յանձնարարեց անոր, որ այլ ժողովուրդներու տոմարի նման անշարժ տոմար մը պատրաստէ, որպէսզի չտեղաշարժուին տարուայ տօները: Իսկոյն՝ մեծ տոմարագէտը յօրինեց հայկական տոմարի հաստատուն կարգը և նահանջ տարուայ գործածութիւնը մտցնելով հայկական անշարժ տոմար մը կազմեց, որ սակայն պաշտօնապէս գործածութեան չի դրուեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ կողմէ, Հայոց Հայրապետին վաղահաս վախճանման պատճառով:  

ԺԱ. դարու երկրորդ կիսուն՝ Յովհաննէս Իմաստասէր կամ Սարկաւագ տոմարական նոր համակարգի հիմնադիր հանդիսացաւ հայ իրականութեան մէջ:   

Հայոց Թուականը որ սահմանուած էր Մովսէս Կաթողիկոսի օրով, կը սկսէր 552 տարեթիւէն և շարժական էր, այսինքն տարին կը հաշուէին միա՛յն 365 օր. նահանջ տարի չկար, որ չորս տարին օր մը աւելի՛ հաշուէին և տարին ունենար 366 օր: Ուստի 353 թուականէն սկսեալ մինչեւ 1084 թուականը հայկական տոմարին մէջ, տարուայ 365 օրերու վրայ քառորդ նահանջը հաշուի չառնելու հետեւանքով, ամանորը չորս տարին անգամ մը՝ մէկ օրով առաջ անցած էր, որու պատճառով հայկական տօները դուրս եկած էին միւս ժողովուրդներու տօներու հետ զուգադրութենէն: Յովհաննէս Սարկաւագ Յուլեան տոմարի դրութիւնը որդեգրելով, իւրաքանչիւր չորրորդ տարին օր մը աւելցուց, և չորս տարիներու քառորդ օրերը գումարելով՝ 365 օրը 366-ի բարձրացուց: Աւելի՛ն, Սարկաւագը 532 տարիներու տոմարական աղիւսակ մը կազմեց, ուր նշուած էին իւրաքանչիւր տարուայ կրօնական տօները և զատիկները կանոնաւորուած մինչեւ 1616: Այս վերջինը կոչուած էր հայոց Փոքր Թուական կամ Սարկաւագադիր տոմար, որ 1084 թուականէն 1616 թուականը կ'երկարէր:

Ինչ կը վերաբերի Գրիգորեան կամ նոր տոմարի գործածութեան՝ Հայ Կաթողիկէները որդեգրած են զայն 1700-էն սկսեալ. իսկ Հայ Առաքելական Եկեղեցին պաշտօնապէ՛ս ընդունած է զայն 1923-ին, թէեւ մինչեւ այսօր ալ եկեղեցական որոշ հրատարակութիւններուն մէջ, նոյնիսկ օրացոյցներուն վրայ յաճախ Գրիգորեանին զուգահեռ կը նշուի նաեւ Հայոց Մեծ Թուականը: Գալով Արեւելքի Օրթոտոքս Եկեղեցիներուն՝ անոնք հաւատարիմ մնացին Յուլեան տոմարին, որով Զատիկը կը տօնեն 13 օրուայ տարբերութեամբ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/08/2020, 09:34