Յիսուս  կը հանդարտեցնէ փոթորիկը Յիսուս կը հանդարտեցնէ փոթորիկը 

Կիրակնօրեայ Աւետարանական խորհրդածութիւն. Փոթորկալից շրջան մը կ'ապրի մարդկութիւնը

Կիրակի 30 Օգոստոս 2020 Բ. Կիրակի Վերափոխման
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Մեզի օգնութեան հասիր ով Տէր, ահա կ'ընկղմի մարդկութիւնն ամբողջ:

Ամիսներէ ի վեր բոլոր աշխարհը կը տատանի ամեհի տագնապէ մը. Անոր պատճառն է անտեսանելի մէկ ժահր մը, միքրոպ մը, որուն ազդեցութեան տակ՝ մարդկային կեանքի բոլոր բնական տուեալները փոփոխութեան կ'ենթարկուին եւ ընկերային յարաբերու-թիւնները երթալով աւելի կը բարդանան:

Եկեղեցիները կը պարպուին եւ հաւատացեալներու թիւը երթալով կը նուազի, տեղի տալով համատարած սարսափին որ սահման չի ճանչնար: Մասնագէտները ճարահատ են եւ միակ փրկութիւնը կը սպասուի երկնային ուժերէն: Եկեղեցին կը նմանի նաւու մը որ կ՛անցնի աշխարհի ծովէն, մեզ հասցնելու համար դէպի նաւահանգիստը փրկութեան եւ յաւիտենական երջանկութեան. Սակայն այդ ծովը, նման Տիբերեան լճակին, ահա յանկարծ կ'ալեկոծի եւ ընկղմելու վտանգին կ'ենթարկուի: Հիմա է որ մեզի հարկաւոր է մեր Տիրոջ Յիսուսի հզօր օգնութիւնը, դիմագրաւելու համար կեանքի բոլոր վտանգներն ու փորձանքները եւ յառաջ երթալու հաստատօրէն Տիրոջ ճամբէն:

Սակայն ի՜նչ ընելու ենք այս պարագաներուն մէջ, ինչպէ՜ս պայքարելու ենք այս փորձութիւններու դէմ: Մեր առջեւը կան երկու զէնքեր, աղօթքը եւ ապաշխարանքը: Անշուշտ պիտի հարցնէք թէ ինչպէս այս երկու միջոցները պիտի կարենան ազդել Եկեղեցւոյ ընթացքին վրայ: Անոնք նախ մեզի կ՛օգնեն դարձի գալու մեր վատ հակումներէն եւ ապա փրկելու մեզ չարէն, որ անդադար կը դառնայ մեր շուրջը մեզ իր ծուղակին մէջ ձգելու համար:

Ժամանակն է ուրեմն արթննալու մեր քունէն եւ կազմ ու պատրաստ ըլլալու պայքարին: Մեր անձնական կեանքին մէջ ալ, կը հանդիպինք զանազան դժուարու-թիւններու, մեծ թէ փոքր. Իսկ ոմանք ալ այնքան սաստիկ կ՛ըլլան որ մեզի անկարելի կը թուի անոնց յաղթահարելը. Ոչ ոք կրնայ պարծենալ թէ իր կեանքին մէջ երբեք չէ հանդիպած դժուարութիւններու։ Այս նեղութիւնները երբեմն մեզ կ՛անհանգստացնեն չափէն աւելի ու մեր հաւասարակշռութիւնը կորսնցնել կու տան, երբեմն կը կարծենք թէ մեզ անդունդի մէջ պիտի գլորեն ու անհետ պիտի կորսուինք. Ասոր համար պէտք ունինք ուժեղ եւ տեւական նեցուկի մը, որուն հանդէպ ունենալու ենք բացարձակ վստահութիւն, եթէ ոչ` առաջին զօրաւոր փոթորիկին` կրնանք տապալիլ։

Տէր, ահա կը կորսուինք... կը գոչենք նման ճարահատ առաքեալներուն: Բազմիցս գտնուած ենք անտանելի դժուարութիւններու առջեւ եւ, մենք եւս, չգտնելով ուրիշ ելք մը, խնդրած ենք միջամտութիւնը Յիսուսի: Փոթորիկի հանդարտեցման այս հրաշքով՝ Յիսուս կ՛ուզէ առաքեալներուն հասկցնել թէ ամենամեծ վարպետներն անգամ, լաւագոյն մասնագէտները կրնան հանդիպիլ անլոյծ դժուարութիւններու. Ուստի պէտք չէ որ ապաւինին լոկ իրենց ուժին ու գիտութեան, որովհետեւ կարգ մը պարագաներու մէջ` անոնք եւս անկարող կը դառնան մեզ ազատելու։ Ահա հոս է որ Տէրը կը սպասէ մեզի որպէսզի միջամտէ մեր կեանքին մէջ եւ տայ մեզի իր օգնութիւնը, նեցուկ ըլլայ մեզի եւ քաջալերէ զմեզ: Երբ ես հոս եմ, ձեր մէջ, ինչու՞ կը վախնաք – կ՛ըսէ մեզի Յիսուս։ Իրմով մենք կը զօրանանք, իրմով վստահութիւն կը գտնենք մենք մեր վրայ եւ կը յաջողինք յաղթելու կեանքի բոլոր դժուարութիւններուն։ Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/08/2020, 10:33