Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապը Սալուս Փոփուլի Ռոմանի մատրան մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը Սալուս Փոփուլի Ռոմանի մատրան մէջ 

Մարիա Մաճճորէի ''Ձիւնի հրաշքի'' յիշատակը:

Օգոստոս 5-ին կը յիշատակուի Սանթա Մարիա Մաճճորէ Քահանայապետական Պազիլիքային տօնը։

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Հռոմի մէջ, աւելի քան 100 եկեղեցիներ նուիրուած են Ամենասուրբ Կոյս Մարիամին։ Անոնցմէ ամենէն մեծն ու հռչակաւորը` Տիրամօր աւագ տաճարն է, «Սանթա Մարիա Մաճճորէ» Քահանայապետական Պազիլիքան ուր Ֆրանչիսկոս Պապ սովոր է երթալ ամէն մէկ առաքելական ճամբորդութենէն առաջ ու վերջ։

Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճարը արեւմուտքի ամենէն հին մարեմեան տաճարն է, կառուցուած Սիքստոս Գ. Քահանայապետի կողմէ, Եփեսոսի ժողովէն (431 թուական) քիչ յետոյ, ուր Մարիամ հռչակուած էր իբր «Աստուածամայր»։

Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճարը ժամանակին կոչուած էր Լիպերեան տաճար որովհետեւ Լիպերիոս քահանայապետը (352-366) հեթանոսական այդ տաճարը դարձուցած է  քրիստոնէական պազիլիքայ։

Աւանդութեան համաձայն  Հռոմի Սրբուհի Մարիամ աւագ տաճարի շինութիւնը կարելի եղած է հրաշքի մը բերումով։

Լիպերիոս Քահանայապետը տեսիլք մը ունեցած է ու այդ տեսիլքին մէջ անոր հրահանգուած է  եկեղեցի մը կառուցել Աստուածամօր ի պատիւ, Էսքուիլինօ կոչուած բլուրին վրայ։ Այդ տեսիլքին որպէս փաստ` Ամենասուրբ Կոյս Մարիամը օգոստոս 5-ին, տաք գիշերուան ընթացքին, էսքուիլինօ բլուրին վրայ ձիւն տեղացնել կու տայ։

Այս երեւոյթին դիմաց, Լիպերիոս Քահանայապետը սահմանագծել կու տայ հողը որուն վրայ կը բարձրանայ Սրբուհի Մարիամին նուիրուած աւագ տաճարը, որ հռոմէացիները նաեւ կը կոչեն Ձիւնի Տիրամօր տաճար եւ ուր պահպանուած է նաեւ Սալուս Փոփուլի Ռոմանի – Հռոմի ժողովուրդի փրկութիւն Տիրամօր սրբանկարը։

Ահա թէ ինչու ամէն տարուայ օգոստոս 5ին կը յիշատակուի Ձիւնի Տիրամօր տօնը։ Նոյն օրը կը վերակոչուի տաճարին սրբագործումը (5 օգոստոս 358)։

Մարիա Մաճճորէ տաճարի տօնին առթիւ  5 օգոստոսի առաւօտեան ժամը 10-ին, աւագ տաճարին գահերէցը Կարդինալ Սթանիզլաւ Ռիլքօ` կը նախագահէ տաճարին օծման արարողութեան տարեդարձին նուիրուած  ս. Պատարագը։  Յետմիջօրէի 4.15-ին նախատսեուած է Սուրբ Վարդարանի ջերմեռանդական աղօթք որուն կը յաջորդէ ժամասացութիւնը։  Ըլլայ առաւօտեան սուրբ պատարագի ընթացքին ըլլայ ժամասացութեան առթիւ  նախատեսուած է «սպիտակ ծաղիկներու փեթակներու անձրեւը» ոգեկոչելու համար ձիւնի հրաշքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/08/2020, 15:12