Յիսուսի սրբանկարը Յիսուսի սրբանկարը 

Հայր Գէորգ Եպիսկ Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը «Օգնէ մեզ ով Տէր»։

Աստուած ամէն ինչ կը նշմարէ եւ կը տեսնէ թէ ինչ կը պատահի մեր շուրջը։ Օգոստոս 4 ին Լիբանանի մէջ տեղի ունեցաւ մեծ պայթում մը որուն հետեւանքով հարիւրաւորուեցաւ անձեր իրենց կեանքը կորսնցուցին եւ հազարէ աւելի վիրաւոր եղան։ Շատերը վախէն ազդուեցան եւ յուսահատութեան մէջ մտնելով կորսնցուցին իրենց հաւատքն ու յոյսը։
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Ոչ ոք կը սիրէ կեանքի պղտոր ժամերը եւ սակայն ասոնցմէ չենք կրնար փախչիլ։ Այսպիսով մենք կը փորձենք դիմագրաուել այս դժուարին ժամերը որովհետեւ առանցին չենք, քանի խաղաղութեան եւ ուրախութեան տէրը մեզի հետ է։

Աստուած ամէն ինչ կը նշմարէ եւ կը տեսնէ թէ ինչ կը պատահի մեր շուրջը։ Օգոստոս 4 ին Լիբանանի մէջ տեղի ունեցաւ մեծ պայթում մը որուն հետեւանքով հարիւրաւորուեցաւ անձեր իրենց կեանքը կորսնցուցին եւ հազարէ աւելի վիրաւոր եղան։ Շատերը վախէն ազդուեցան եւ յուսահատութեան մէջ մտնելով կորսնցուցին իրենց հաւատքն ու յոյսը։

Միտքս կու գայ Ս. Պօղոսի խօսքերը իր թեսաղիկենեցիներուն ուղղած թուղթին մէջ երբ կ՛ըսէր։ «Եւ դուք

մի յուսահատիք որովհետեւ յոյսի հօր զաւակներն էք եւ մի լքէք զինք որովհետեւ իր արքայութեան ժառանգաւորներն էք Այս յուսահատելի ժամերուն կը մնայ մեզի փոքր մտածում մը ընելու Աստուծոյ հետ մեզի ուժ տալու համար։ Աստուած բարի է եւ չի կրնար ոչ մէկ վնաս հասցնել մեզի, ապա Աստուածˋ հաւատարիմ է եւ երբէք չի կրնար հրաժարիլ մեզի հետ ըլլալէ։

Այս սեւ օրերուն պէտք ենք կարդալ իր խօսքերը, այսինքն իր «Բան» ը որ զօրաւոր ազդեցութիւն կրնայ ձգել մեր վրայ, քաջ եւ առողջ ըլլալու, մենք որ կը գտնուինք յուսահատելի վիճակի մէջ։

Ս. Հոգին մեզ կը լուսաւորէ եւ մեզի կը տանի 126-րդ սաղմոսին որ կ՛ըսէ։ Անոնք որ արցունքով կը ցանէին թող

ցնծութեամբ հնձեն։ Անոնք որ իրենց սերմանիքը շալկած լացով ելան ու գացին, ցնծութեան մէջ թող ելլեն ու դառնան ցորենի խուրձերով։ Մեր կեանքի մարտահրաւէրները մեզմէ կը պահանջեն որ համբերութեամբ հետեւինք մեր կեանքի ելեւերջներուն, որովհետեւ ամէն անձրեւէն ետք ունենալու ենք արեւը։ Յիսուսի չարչարանքներէն ետք Ան, ետ յարութիւն առաւ։

Ով Յիսուս մեզի սորվեցուր կեանքի տխրութիւնները համբերութեամբ տանիլ հասնելու նաեւ մեր յարութեան։ Տէր իմ եւ Աստուած իմ, նեղութիւնները կը շրջապատեն զիս, կեանքս լեցուած է դժուարութիւններով: Ուղեկորոյս եմ եւ չեմ գիտեր այս վիճակէս դուրս ելլել: Ծագեցո՛ւր Քու լոյսդ իմ վրաս եւ լուսաւորէ իմ հոգւոյս եւ մտքիս աչքերը, որպէսզի իմ ճամբաս գտնելով, գտնեմ նաեւ Քու սուրբ Կամքդ: Քու կամքդ փարոսն է իմ ճամբուս Ո′վ Տէր: Տո՛ւր ինծի շնորհք եւ խիզախութիւն, որպէսզի նաւապետի նման ճեղքելով ամեհի ալիքները հասցնեմ խորտահուած նաւս դէպի նաւահանգիստ: Թող որ տեսնեմ Քու Կամքդ եւ ինքզինքս ամբողջովին նուիրեմ Քեզի:

Ընդունէ՛ զիս եւ փրկէ զիս կորուստէ. ամէն:

Հայր Գէորգ Եպիսկ Ասատուրեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/08/2020, 09:46