«Ով երիտասարդներ, սէրը ստեղծեցէ՛ք» «Ով երիտասարդներ, սէրը ստեղծեցէ՛ք» 

«Ով երիտասարդներ, սէրը ստեղծեցէ՛ք». Արհիապատիւ Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը։

Սիրելի Եղբայրներ եւ Քոյրեր, փորձե՛նք միշտ ստեղծել նորանոր ձեւեր սիրելու մեր ծնողներն ու մեծ ծնողները, ինչպէս ալ այն բոլոր անձերը, որոնք մեզի հետ կ’ապրին այս դժուարին օրերուն մէջ:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Անցեալ Կիրակի, Յուլիս 26-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կարեւոր հրաւէր մը ուղղեց երիտասարդներուն՝ անոնց սրտերուն մէջ ստեղծելու համար Աստուծոյ սէրը բոլորին հանդէպ, բայց մանաւանդ ծեր մարդերուն՝ անոնց մօտիկ ըլլալով եւ մնալով։ 

Իր խօսքին մէջ կ’ըսէր Սրբազան Հայրը. «Դուք, որ ունիք մեծ հայրեր ու մայրեր, պարտական էք, ուրեմն, ձեր սէրը ստեղծելու եւ աճեցնելու այն մարդերուն հանդէպ, որոնք կը նկատուին որպէս ծառի մը արմատները, որոնք պտուղ կը պարգեւեն»: 

Այս խօսքերը կեանքին ճշմարտութեան մաս կը կազմեն, քանի որ մեզ կը մղեն՝ ստեղծելու նոր յոյսեր եւ ապրելու մանաւանդ այս դժուարին օրերուն մէջ։ 

Աստուծոյ պատկերին մէջ պէտք է տեսնենք երիտասարդութեան հոգին, որովհետեւ աշխարհին ստեղծագործութենէն ի վեր մեզի հետ սիրով կը վարուի Արարիչը։ Սէրը չի յոգնիր, ո՛չ ալ կը ծերանայ: Սէրը կը նմանի այն աղբիւրին, որ յարատեւ կերպով ջուր կը բղխէ կեանքի բոլոր օրերուն ընթացքին՝ հակառակ ամէն տեսակ դժուարութիւններու։

Սրբազան Քահանայապետին կոչը մեզի խորապէս մտածել կու տայ երիտասարդներուն դերին մասին՝ այսօրուան  ընկերութեան մէջ։  Այս ժամանակաշրջանին, երբ անոնք կը պայքարին անգործութեան, վախ ու մահ սփռող «Քորոնա» ժահրին դէմ։ 

Սրբազան Պապը իր խօսքը շարունակելով՝ երիտասարդներուն կը թելադրէր. «Դիմեցէ՛ք սիրոյ երեւակայութեան, հեռախօսային կապ հաստատեցէ՛ք, տեսակապ պատգամներ ուղարկեցէ՛ք»: 

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կ’ուզէ երետասարդներուն հասկցնել, որ պէտք է հոգան իրենց մեծ հայրերն ու մայրերը, ինչպէս նաեւ հասկցնել սիրոյ կարեւորութիւնը եւ մանաւանդ ուժականութիւնն անոնց նկատմամբ, որովհետեւ անոնք մեր կեանքին արմատներն են։  

Մենք որպէս հաւատացեալներ՝ երբեք պէտք չէ կորսնցնենք մեր վստահութիւնը երիտասարդներուն հանդէպ, որովհետեւ անոնք են Ս. Եկեղեցիին ապագան: Եւ ասիկա պէտք չէ ըլլայ միայն խօսքով, այլ նաեւ գործով: Երիտասարդները մեզի կրնան տալ շատ գեղեցիկ գաղափարներ, յատկապէս սիրոյ ու խանդի մէջ։ 

Ս. Ֆրանչիսկոս Սալեզ ունի այս իմաստալից խօսքը.«Սէրը այն հրաշալի առաքինութիւնն է, որովհետեւ միջոցը եւ նպատակն է, ինչպէս նաեւ ճամբան է, որ մեզ կ’ուղղէ դէպի կատարելութիւնը»։ 

Սիրելի Եղբայրներ եւ Քոյրեր, փորձե՛նք միշտ ստեղծել նորանոր ձեւեր սիրելու մեր ծնողներն ու մեծ ծնողները, ինչպէս ալ այն բոլոր անձերը, որոնք մեզի հետ կ’ապրին այս դժուարին օրերուն մէջ: 

Նաեւ խնդրե՛նք մեր Փրկիչէն, որպէս զի մեզի սորվեցնէ ապրի՛լ Աստուծոյ եւ եղբօր սէրը: Մեր խնդրանքին համար Միջնորդն առնե՛նք Մարիամը, որ «գեղեցիկ ու պտղաբեր Սիրոյն Մայրն է»: Ամէն:

Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/08/2020, 08:05