Մարոնիներուն Ռայի Պատրիարքը Մարոնիներուն Ռայի Պատրիարքը 

Տիմանի մէջ. «Լիբանանեան պետութիւնը պէտք է ներխուժէ բնակուած թաղերուն մէջ թաքցուած զինամթերքի եւ պայթուցիկ նիւթերու պահեստանոցները» շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ Լիբանան այսօր կարիքը ունի ազգային եւ տնտեսական փրկութեան կառավարութեան մը, որուն կազմութիւնը պէտք է անյապաղ կատարուի, ի՛նչ ալ ըլլան պայմանները:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ նախագահեց Տիմանի մէջ մատուցուած կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին ընդմէջէն անհրաժեշտ նկատեց, որ լիբանանեան պետութիւնը Պէյրութի նաւահանգիստի հսկայական պայթումին պատճառած աղէտը նկատէ ահազանգ, եւ ներխուժէ տարբեր շրջաններու ու գիւղաքաղաքներու բնակուած թաղերուն մէջ թաքցուած զինամթերքի եւ պայթուցիկ նիւթերու պահեստանոցները:

Ունկնդրէ լուրը

«Լիբանանեան կարգ մը շրջաններ վերածուած են պայթուցիկ նիւթերու, ականներու եւ սպառազինումի դաշտերու, որոնք չենք գիտեր, թէ ե՛րբ կը պայթին, կամ ո՛վ կը պայթեցնէ զանոնք: Նման թաքստոցներու գոյութիւնը լուրջ վտանգ կը սպառնայ լիբանանցիներու կեանքին, որ ոչ մէկ անհատի, կուսակցութեան, քաղաքական ուժի կամ կազմակերպութեան սեփականութիւնն է: Ժամանակը հասած է, որ այդ զէնքերն ու պայթուցիկ նիւթերը յանձնուին պետութեան, որպէսզի լիբանանցիները ապահով զգան` նուազագոյնը իրենց բնակարաններուն մէջ», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:

Անդրադառնալով Քաֆթունի մէջ պատահած սպանութեան դէպքին` Ռայի պատրիարքը ցաւակցութիւն յայտնեց զոհերու  հարազատներուն` շեշտելով, որ այդ սպանութիւնը ապահովական իշխանութիւններուն ցուցաբերած անփութութեան մէկ ուրիշ երեսն է:

Ռայի պատրիարքը ցաւակցութիւն յայտնեց նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի ընտանիքին` Միջազգային դատական ատեանին արձակած վճիռին լոյսին տակ: Ան ընդգծեց, որ Ռաֆիք Հարիրիի դերակատարութիւնը մեծ եղած է` Կեդրոնական Պէյրութի վերակառուցման եւ Լիբանանը արաբական ու միջազգային տագնապներէն զերծ կացուցելու առումով` աւելցնելով, որ այսօր Լիբանան կարիքը ունի Ռաֆիք Հարիրիի նման անձնաւորութեան մը:

Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ Լիբանան այսօր կարիքը ունի ազգային եւ տնտեսական փրկութեան կառավարութեան մը, որուն կազմութիւնը պէտք է անյապաղ կատարուի, ի՛նչ ալ ըլլան պայմանները:

Քաղուած «Ազդակ»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/08/2020, 08:20