Զօրակցութիւն Լիբանանի Եկեղեցւոյ։ Զօրակցութիւն Լիբանանի Եկեղեցւոյ։ 

Իրաքի մէջ աղօթքի եւ ծոմապահութեան օր առ ի զօրակցութիւն Լիբանանի Եկեղեցւոյ՝ նախաձեռնութեամբ Քաղդէացիներու Պատրիարքին։

«Հայցենք Տիրոջմէ Լիբանանը Իրաքն ու համայն տարածաշրջանը պահպանէ ամէն չարիքէ»

Կարդինալ Լուիս Ռաֆայէլ Սաքօ՝ Բաբելոնի Քաղդէացիներու Պատրիարք՝ Քաղդէական  Եկեղեցւոյ զաւակներն ու հաւատացեալները հրաւիրած է, շաբաթ 8 օգոստոսը յատկացնելու  աղօթքի եւ ծոմապահութեան օրուայ ի զօրակցութիւն Լիբանանի Եկեղեցւոյ։

«Հայցենք Տիրոջմէ Լիբանանը Իրաքն ու համայն տարածաշրջանը պահպանէ ամէն չարիքէ» նշուած է այս առթիւ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/08/2020, 06:34