Հալէպի Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդ Գերպ. Միրիաթեան Հալէպի Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդ Գերպ. Միրիաթեան 

«Հալէպի մէջ, ինչպէս բոլոր համայնքները, մենք եւս կորուստներ ունինք». Հալէպի հայ Կաթողիկէ Առաջնորդ Գերպ. Միրիաթեան

Գերապայծառ Միրիաթեան նաեւ նշեց, որ մասնաւորապէս վերջին օրերուն համավարակը տարածուեցաւ Հալէպի մէջ եւ ներկայիս իրավիճակը բաւական ծանր է։

«Քորոնա»ի  պատճառով մենք ալ բոլոր համայնքներուն նման զոհեր ունինք» այս մասին «Արեւելք»ին յայտնեց Հալէպի Հայ Կաթողիկէ առաջնորդ Արհի. Տ. Պետրոս արք. Միրիաթեան։

Ունկնդրէ լուրը

Գերապայծառ Միրիաթեան նաեւ նշեց, որ մասնաւորապէս վերջին օրերուն համավարակը տարածուեցաւ Հալէպի մէջ եւ ներկայիս իրավիճակը բաւական ծանր է։

Ան նաեւ նշեց, որ համավարակին հետեւանքով համայնքային բոլոր հաւաքոյթները, հանդիպումները կամ ամառնային միջոցառումները ջնջուած են. «Համայնքային բոլոր տեսակի գործունէութիւնները դադրեցուցած ենք, առկախուած են նաեւ կիրակնօրեայ պատարագները եւ արարողութիւնները եւ այս կարգադրութիւնը պիտի տեւէ մինչեւ օգոստոս ամսուան աւարտը»։

Պատասխանելով «Արեւելք»ի այն հարցին, որ արդեօք Հալէպի մէջ դեղորայքի կամ առողջապահական սարքերու սուր պակաս կա՞յ, Գերպ. Միրիաթեան պատասխանեց. «Այո՛, որոշ դժուարութիւններ կան. հիւանդանոցներու մեծ մասը նոր հիւանդներ ընդունելու հնարաւորութիւն չունի եւ այդ պատճառով ալ նոր կորուստներ կը գրանցուին, պիտի համբերենք, որ այս ծանր իրավիճակը անցնի եւ վերադառնանք մեր բնականոն կեանքին»,-հաստատեց Գերապայծառը։

Ան նաեւ նշեց, որ Հայաստանի կողմէ Հալէպ գործուողուած մարդասիրական առաքելութիւնը վերջին օրերուն, կապուած համավարակի ընդհանուր վիճակին, կարեւոր օժանդակութիւններ հասցուց համայնքին. «Մենք գոհ ու շնորհակալ ենք Հայաստանէն, այստեղ գործուղուած մարդասիրական առաքելութեան անդամները հասան նաեւ մեր օգնութեան եւ իրենց կարելին ըրին, կը յուսամ, որ այս ծանր օրերը կ՚անցնին եւ Աստծոյ կամքով Հալէպի ժողովուրդը առանց մեծ վնասներու դուրս կու գան այս վիճակէն»։

Յիշեցնենք,որ «Քորոնա»ի հետեւանքով Հալէպի մէջ մահացած հայերու թիւը հասած է 13-ի, իսկ հայկական համայնքի բոլոր շրջանակներուն մէջ գործադրութեան կը դրուին «Քորոնա»ի դէմ պայքարելու հիմնական միջոցառումներ։

Քաղուած «Արւեւելք»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/08/2020, 09:30