Սուրբ Յովակիմ եւ Սրբուհի Աննա Սուրբ Յովակիմ եւ Սրբուհի Աննա 

ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԳԻՏԵԼԻՔՆԵՐ - Ա. Կիրակի Վերափոխումէն ետք (23-30 Օգոստոս 2020)

Եերկուշաբթի 24 օգոստոսին կը լրանայ Իննօրեան եւ ծիսական տարւոյն ընթացքին կատարուելիք սուրբերու տօնակատարութիւնը կը շարունակուի։

Կիրակի 23 Օգոստոսին` տակաւին կը գտնուէինք Աստուածածնայ Իննօրեային մէջ, որովհետեւ, ըստ կարգադրութեան Ներսէս Գ. Շնորհալի Կաթողիկոսին, որ Աստուա-ծամօր հանդէպ իր ունեցած վսեմագոյն ջերմեռանդութիւնը հաղորդեց ժողովուրդին, վերափոխման եռօրեայ տօնակատարութիւնը վերածելով իննօրեայի, այսօր` երկու-շաբթի կը լրանայ Իննօրեան եւ ծիսական տարւոյն ընթացքին կատարուելիք սուրբերու տօնակատարութիւնը կը շարունակուի։

Ունկնդրէ լուրը

Առաջին տօնն է Աստուածածնայ ծնողաց տօնը։ Ըստ աւանդութեան, Մարիամի հօր անունն էր Յովակիմ եւ մօրը անունը` Աննա. Անշուշտ Սուրբ Աւետարաններուն մէջ չի կայ յիշատակութիւնը անոնց անուան, սակայն, ինչպէս նախապէս տեսանք Մարիամի Վերափոխման մասին, անոնց ինքնութիւնը մեզի հասած է ոչ-կանոնական աւետա-րաններու ընդմէջէն։ Ընդհանուր առմամբ Եկեղեցին աւելի նախընտրաբար կը յիշա-տակէ Սրբուհի Աննան, Մայրը Մարիամ Աստուածածնի. Անոր ընծայուած սրբավայ-րերն ու ուխտատեղիները բազմաթիւ են բոլոր աշխարհի մէջ, սակայն ոչ այնքան հայ ժողովուրդի մօտ։

Ամենամեծ սրբավայրերէն կը նկատուի ֆրանսայի Պրըթանյը գաւառին մէջ գտնուող Սրբուհի Աննայի ուխտատեղին, ուր յատուկ կերպով գնաց աղօթելու, մի քանի տարիներ առաջ, երջանկայիշատակ Յովհաննէս-Պօղոս Բ. Սրբազան Պապը։ Այս սրբավայրը գոյութիւն ունի միջին դարէն ի վեր, երբ Աննա Պրըթանյի իշխանուհին, որ հետագային ֆրանսայի թագուհի պիտի ըլլար, կը հաստատէ անոր ջերմեռանդութիւնը շրջանին մէջ։ Նոյնպէս Սրբուհի Աննայի կարեւորագոյն սրբավայրերէն մին կը սեպուի Գանատայի Քէպէք քաղաքի մօտ կառուցուած հսկայ ուխտատեղին, որու անունով կը կոչուի նոյն գիւղաքաղաքը, Սէնթ Անն տը Պօբրէ։ Ամէն տարի Սրբուհի Աննայի տօնին, որ լատինաց մօտ 26 Յուլիսին կը պատահի, Ամերիկայի ամէն կողմէն հոն կը փութան հաւատա-ցեալները, պատուելու Տիրոջ մեծ մայրը` Սրբուհի Աննան. Նոյն ատեն բնիկ հնդիկներ կը հասնին բազմաթիւ գունագեղ նաւակներով եւ իրենց տարազներով կը ճոխացնեն հանդիսութիւնները Սրբուհիին։

Նոյն օրը` երեքշաբթի, Հայ Եկեղեցին կը տօնէ նաեւ Իւղաբեր Կիները. Ըստ Սուրբ Գրքի, ասոնք այն երեք բարեպաշտ կիներն էին որոնք եկած էին, կիրակի օրը, օծելու Յիսուսի մարմինը, որ գերեզմանի մէջ էր, թանկագին իւղերով. Անոնց անուններն էին, ըստ Մարկոսի Աւետարանին. Մարիամ Մագթաղենացի, Մարիամ` Յակոբի մայրը եւ Սողոմէ. Իսկ Ղուկաս` Սողոմէի տեղ` կը յիշէ Յովհաննա անունով կին մը։

Հինգշաբթի օր` Հայ Եկեղեցին կը յիշատակէ Բաբելաս Անտիոքի սուրբ եպիս-կոպոսը, որ արգիլեց Դեկոս կայսրը Եկեղեցի մտնելէ. Այդ պատճառաւ ալ նահա-տակուեցաւ, ու իրեն հետ` իր երեք աշակերտները, որոնք երեք եղբայրներ էին եւ նահատակուեցան իրենց մօր` Թէոդոլիայի հետ։

Վերջապէս շաբաթ օրը` կը տօնենք Երեմիա Մարգարէն. Ան ապրած է Ք.Ա. 7-րդ եւ 6-րդ դարերուն. Իր մարգարէութիւններու գիրքը, որ կը բաղկանայ 52 գլուխներէ, կը նկարագրէ գլխաւորաբար Իսրայէլի թագաւորութեան անկումը ինչպէս նաեւ Երուսա-ղէմի տաճարին կործանումը Նաբուգոթոնոսոր արքայի ձեռքով, ապա ժողովուրդին գաղթը դէպի Ասորեստան եւ գերեվարութիւնը. Երեմիա ողբացող մարգարէ կոչուած է։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/08/2020, 08:24