Սուրբ Երկիր Սուրբ Երկիր 

Պաղեստինցի երիտասարդներուն «խաղաղութեան ողջոյնը Պէյրութին»

Պաղեստինցի երիտասարդները աղօթեցին Լիբանանի մէջ պատահած պայթումէն տուժած բնակչութեան համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ի զօրակցութիւն Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պատահած պայթումէն տուժած Լիբանանի բնակչութեան, Պաղեստինի մէջ Քրիստոնեայ Երիտասարդներու ընդհանուր քարտուղարութեան գրասենեակը ձեռնարկած է «Երուսաղէմէն խաղաղութեան Ողջոյն Պէրութին» կարգախօսով քարոզարշաւ, որուն ծիրէն ներս շաբաթ 15 օգոստոսէն սկսեալ, սկաուտները, երիտասարդներն ու կամաւորները վարդարաններ բաշխեցին՝ վաճառելու համար տեղական եկեղեցիներուն մէջ։

Ունկնդրէ լուրը

Վարդարաններու վաճառքի ծրագիրի հասոյթը պիտի տրամադրուի Պէրութի մէջ համապատասխան իշխանութիւններուն, օգնելու համար դժուարութեան մէջ գտնուող ընտանիքներուն եւ վերակառուցելու քանդուած շրջանները։ Լատին Պատրիարքութեան  երիտասարդներու յատկացուած պաշտօնական դիմատետրէն կարելի է վարդարան գնել։ Այս մասին նշուած  է Լատին Պատրարքութեան Երիտասարդներուն յատակացուած կայքէջին վրայ։

Յայտնենք,  թէ Պաղեստինցի երիտասարդներուն, Լիբանանի ժողովուրդի ի նպաստ բարեգործական ծրագիրը սկիզբ առաւ Սուրբ Կոյս Մարիամի վերափոխման տօնին օրը, որուն ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ աղօթքի հսկում ապա սուրբ Պատարագ, որուն ընթացքին Սուրբ երկրի կղերը, համայն կրօնաւորներն, կրօնաւորուհիներն ու հաւատացեալները, աղօթեցին Լատին Պատրիարքութեան ու կարիքաւորներու համար խնդրելով Տիրոջ հովանին՝ համաճարակի աւարտին համար, ինչպէս նաեւ բոլոր հիւանդութիւններու դէմ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/08/2020, 09:44