Իտալական Կարմիր խաչի կամաւոր Իտալական Կարմիր խաչի կամաւոր 

Մարդասիրութեան միջազգային օրը։ Միջազգային Քարիթասի հաղորդագրութիւնը։

Միջազգային Քարիթասը կը խնդրէ հզօրացնել տեղական քաղաքացիական ընկերութիւնները, նախ եւ առաջ կրօնական հաստատութիւնները մարդասիրական օգնութիւններ տրամադարելու համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Այսօր՝ 19 օգոստոսին, մարդասիրութեան համաշխարհային օրն է։ Այս առթիւ հրապարակած միջազգային Քարիթասի, բարեսիրական կազմակերպութեան հաղորդագրութեան մէջ ընդգծուած է,  տեղական քաղաքացիական ընկերութիւններուն զօրակցութեան հրամայականը, յատուկէն կրօնական կազմակերպութիւնները, նկատել տալով որ այս վերջինները, ճգնաժամային արտակարգ իրավիճակներուն, կրնան անմիջական զօրակցութեան գլխաւոր դերակատարները դառնալ։

Ունկնդրէ լուրը

Միջազգային Քարիթասի հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ այս տարի մարդասիրութեան միջազգային օրը կը նշուի  յատուկ պատմական դարաշրջանին մէջ ուր աշխարհի մէջ ամենուրեք կը տիրէ տարրեր մարտահրաւէրներ, որոնց շարքին համաճարակի առողջապահական ճգնաժամը, օգոստոս 4ին, Պէյրութի նաւահանգիստի մէջ պատահած պայթումը, առ այդ նշուած է միշտ հաղորդագրութեան մէջ միջազգային Քարիթասը համաշխարհային մակարդակի վրայ մարդասիրական օգնութիւններ կը տրամադրէ, օգնելով  աշխարհի մէջ 45 անձերու վրայ մէկ մարդու։

Միջազգային Քարիթասի ընդհանուր քարտուղար, Տիար Ալոյիսուս Ժոն, հաղորդագրութեան մէջ շեշտեց, որ առաջի զօրակցութիւնները պէտք է որ տրամադրուին տեղական ընկերութիւններուն, նկատել տալով որ անոնք ք առաջնակարգ դիրք ունին պատճաշ օգնութիւն տրամադրելու տուժած անձերուն։

«Այս տարի մարդասիրութեան համաշխարհային օրը պէտք որ մեզ առաջնորդէ նորարութիւններ ներմուծելու  մարդասիրական օգնութեան ծիրէն ներս եւ կեդրոնանալու տեղական ընկերային կազմակերպութիւններուն հզօրացման վրայ որպէսզի անոնք ինքնուրոյն կարենան դիմագրաւել արտակարգ իրավիճակի մարտահրաւէրները։» Նշած է Միջազգային Քարիթասի ընդհանուր քարտուղարը 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/08/2020, 12:57