Սրբուհի Մոնիքա Սրբուհի Մոնիքա 

Այսօր կը յիշատակուի Սրբուհի Մոնիքայի ծիսական տօնը։

Սրբուհի Մոնիքան իր ամուսինը առաջնորդեց ընկալելու քրիստոնէական հաւատքը եւ մօտիկ եղաւ ու ընկերացաւ իր զաւակներուն ուղեւորութեան:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

27 օգոստոսին, Կաթողիկէ եկեղեցին կը յիշատակէ՝ Սուրբ Օգոստինոսի մայր՝  Սրբուհի Մոնիքայի ծիսական տօնը։  Ան կեանքի դժուար պահերու ընթացքին գիտցաւ յարատեւել հաւատքի ուղեւորութեան մէջ, սորվելով ընդունիլ Աստուծոյ կամքը, ու այս մէկը կարողացաւ կատարել աղօթքի ուժով։ Ան իր ամուսինը առաջնորդեց ընկալելու քրիստոնէական հաւատքը եւ մօտիկ եղաւ ու ընկերացաւ իր զաւակներուն ուղեւորութեան, յատկապէս կրցեր զաւկին՝ Օգոստինոսին որ մոլորուած էր աշխարհի հաճոյքներով եւ որ շնորհիւ իր մօր աղօթքներուն ու միջամտութիւններուն, դարձի եկաւ ու ապրեցաւ սրբակեաց կեանք մը՝ ինքզինք ամբողջովին նուիրելով Աստուծոյ ծառայութեան։

Չորեքշաբթի 26 օգոստոսի  հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ողջոյնի խօսքը ուղղելով տարեցներուն, երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակներուն, յիշած էր թէ այսօր եւ վաղը կը յիշատակուի երկու մեծ սուրբերու ծիսական տօնը՝ Սրբուհի Մոնիքան եւ անոր զաւակը Սուրբ Օգոստինոս, «որոնք երկրի վրայ միացած էին ընտանեակն կապի միջոցաւ եւ երկինքի մէջ փառքի նոյն ճակատագրով», ըսած էր Սրբազան Քահանայապետը  մաղթելով որ անոնց օրինակը եւ բարեխօսութիւնը մղեն իւրաքանչիւր անձ փնտռելու աւետարանական ճշմարտութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/08/2020, 07:23