Սրբուհի Պայծառ Սրբուհի Պայծառ 

11 Օգոստոսին տօնն է Սրբուհի Պայծառի` Քլարիսթներու Միաբանութեան Հիմնադրուհին։

Բազմաթիւ հրաշքներով Սրբուհի Քիարա հռչակաւոր դարձաւ իր կենդանութեան ատեն իսկ։ Իր կեանքի վերջին ժամերուն երջանկութիւնը ունեցաւ Տիրամօր եւ Սուրբ ու նահատակ կոյսերու այցելութիւնը։ 12 Օգոստոս 1253-ին, խաղաղօրէն իր հոգին աւանդեց։ Իր մահէն ետք ալ բազմաթիւ հրաշքներ կատարուեցան իր բարեխօսութեամբը, եւ 1255-ին, երջանկայիշատակ Աղեքսանդր Դ. Քահանայապետը զինք խորաններու պատուոյն բարձրացուց։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

11 օգոստոսին Լատին Եկեեցին կը յիշատակէ Սրբուհի Պայծառի ծիսական տօնը։

Սրբուհի Պայծառ (Սանթա Քիարա) ՝ ծնած էր  Իտալիոյ Ասսիզի գիւղաքաղաքը, 1193 ին ազնուական, հարուստ եւ շատ առաքինի ծնողներէ, ունէր երկու քոյրեր եւս Անիէզէ եւ Պէաթրիչէ։ Իր ծաղիկ հասակէն  արդէն Քիարա մեծ սէր ունէր աղքատներու հանդէպ եւ շատ բարեպաշտ էր։ Օրուան մէջ յաճախ իր վզէն կախուած շղթային հլունները վարդարանի հատիկներու պէս կը սահեցնէր  իր մատներուն մէջէն  կրկնելով Տէրունական աղօթքը եւ Հրեշտակային ողջոյնը։

Մօտաւորապէս 18 տարեկան էր երբ ծնողքը ուզեցին զինք ամուսնացնել մեծահարուստ ազնուականի մը հետ, սակայն ինք կը մերժեր  ամուսնանալ։

Այդ ատենները սրբութեան մեծ համբաւ կը վայելէր ֆրանչիսկոս Ասիզացին. Քիարա իրմէ խորհուրդ առնելով  առանց տարակուսելու վճռեց խզել իր կապերը աշխարհի հետ եւ ամբողջովին նուիրուիլ Աստուծոյ։ Ան համաձայնած էր Ս. ֆրանչիսկոսին հետ  որ 1212-ի՝ Ծաղկազարդի տօնին պիտի սկսէր իր կրօնաւորական կեանքը։

Այդ օրը Քիարա  իր ամենագեղեցիկ զգեստները հագած՝ եկեղեցի գնաց իր ընտանիքի անդամներուն հետ, սակայն ձիթենեաց ճիւղերու բաշխումին ատեն  իր տեղը անշարժ մնաց։ Արարողութեան նախագահող եպիսկոպոսը  անձամբ խորանէն վար իջաւ եւ Քիարային տուաւ ձիթենիի ոստ մը, այն ատեն Քիարան ալ մասնակցեցաւ թափօրին։

Յաջորդ օրը  առաւօտ կանուխ  Քիարա  գաղտագողի խոյս տուաւ  տունէն, փողոցի մը մէջ  միացաւ իր ընկերուհիներուն եւ գնաց Բորցիունքոլա` ուր կը գտնուէր Ս. ֆրանչիսկոսը որ զինք ընդունեցաւ եկեղեցւոյ դրան առջեւ ընկերակցութեամբ իր կրօնաւորներուն, որոնք բոցավառ ջահեր բռնած երգեցին ''Եկ Ս. Հոգի'' շարականը։

Տիրամօր խորանին ոտքը, Քիարա հանեց իր զգեստները եւ զարդերը։ ֆրանչիսկոս անոր տուաւ սրճագոյն կոշտ կտաւէ սքեմ մը  եւ կտրեց անոր գեղեցիկ մազերը։

Այսպէս , այդ օրը կը հաստատուէր  Քլարիսթներու միաբանութիւնը։ Քիարայի ծնողքը փորձեցին զինք  ետ տուն բերել բայց ինք հաստատ մնաց իր որոշումին վրայ։

Շատ ժամանակ չանցած՝  Քիարային քոյրը՝ Անիէզէն,  ուզեց ինք եւս՝ միանալ այդ միաբանութեան,  հակառակ անոր որ  12 այր մարդիկ բռնի ջանացին զինք  տուն վերադարձնել, սակայն ինք վճռակամութեամբ դիմադրեց անոնց, որմէ ետք 12 այրերը թողուցին զինք ու հեռացան։

Ս. ֆրանչիսկոս Անիէզէին եւս, որ 14 տարեկան էր, տուաւ կրօնաւորական սքեմը։

Շատ չանցած Աստուած Սրբուհի Քիարային  մօտ ղրկեց ուրիշ բազմաթիւ ընտրեալ հոգիներ, ու Քիարա   Ս. ֆրանչիսկոսի պնդումին վրայ յանձն առաւ զանոնք առաջնորդելու ծանր պատասխանատուութիւնը։

Սրբուհի Քիարա 42 տարի մեծ խոհեմութեամբ, աստուածավախութեամբ եւ կանոնի ճշգրիտ գործադրութեամբ  իր իսկ կեանքովը անոնց կ՝ուսուցանէր.  եւ ինք կատարելութեան ուղիէն կ՝ընթանար, ծոմապահութեամբ,  աղօթքով եւ հսկումով։ Նոյնիսկ իր հիւանդութեան շրջանին  ուրիշներու օգնութեամբ ոտքի կ՝ելլէր  եւ միւսներու նման  ձեռային գործերուն կը պարապէր։

Բազմաթիւ հրաշքներով  Սրբուհի Քիարա  հռչակաւոր դարձաւ իր կենդանութեան ատեն իսկ։ Իր կեանքի վերջին ժամերուն  երջանկութիւնը ունեցաւ Տիրամօր եւ Սուրբ  ու նահատակ կոյսերու այցելութիւնը։  12 Օգոստոս 1253-ին, խաղաղօրէն իր հոգին աւանդեց։ Իր մահէն ետք ալ  բազմաթիւ հրաշքներ կատարուեցան իր բարեխօսութեամբը, եւ 1255-ին, երջանկայիշատակ Աղեքսանդր Դ. Քահանայապետը  զինք խորաններու պատուոյն բարձրացուց։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/08/2020, 08:10