Որոնել

Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ համայնքը վերջին հրաժեշտ տուաւ իր երկու արժանաւոր զաւակներուն։

Երկու հայորդիներ, որոնք ծնած ու ապրած են օտար երկրի մը ծոցին մէջ, կառչած մնալով սակայն իրենց հայու ինքնութեան ու չի պակսեցնելով իրենց սատարը իրենց ծննդավայր դարձած երկրին բարօրութեան ու բարգաւաճումին ի սպաս, անոր համար զոհելով նաեւ իրենց կեանքը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Անցեալ չորս օգոստոսին Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի նաւահանգիստի մէջ երկու ահաւոր պայթումներու հետեւանքով իրենց կեանքը կորսնցուցին, ի շարս այլոց, Հայ կաթողիկէ համայնքի երկու արժանաւոր զաւակներ երիտասարդ 23 ամեայ Մեսրոպեանի հայ կաթողիկէ վարժարանի 2015ի շրջանաւարտ, հիւանդապահուհի Ճեսիքա Պեզճեանը եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար 63 ամեայ Նազար Նաճարեանը։

Ունկնդրէ լուրը

Առաջինը տակաւին նոր սկսած էր կեանքի ճանապարհը ու երազներու իրականացումը, երկրորդը երազներէ աւելի կտակ դարձուցած էր իր կեանքը վասն Լիբանանի եւ հայութեան։

Երկու արժանաւոր հայորդիներ որոնք շատ մը ուրիշներու հետ թիրախ դարձան այդ ահաւոր աղէտին, որ ցնցեց ոչ միայն լիբանանն ու լիբանանցիները այլ համայն աշխարհի հայութիւնն ու մարդկութիւնը։ Ոմանք ոճիր համարեցին այդ մէկը՝ ոճիր մարդկութեան դէմ։  Ուրիշներ նկատել տուին՝ թէ արդեն ուժաթափ եւ յուսալքուած լիբանանին եւ լիբանանցիին այս մէկը եղաւ վերջին հարուածը,  ծունկի բերելով ամբողջ երկիր մը, համայն ժողովուրդ մը, որ տասնեակ տարիներէ ի վեր կը դիմագրաւէ պատերազմ, ցաւ,  անօթութիւն եւ հակառակ ամէն ինչի կարողացաւ ընթանալ դէպի առաջ, վեհանձն սրտով ու հոգիով։

«Այսօր եկած ենք «Ճեսիքա Պեզճեանին» վերջին հրաժեշտը տալու՝ հրաժեշտ հրեշտակի մը, որ իր կեանքը կորսնցուց մինչ կը կատարէր իր բուժքոյրի ծառայութեան պարտականութիւնը», ըսաւ ի մէջ այլոց Արհիապատիւ Գէորգ եպիսկոպոս Ասատուրեանը, կիրակի 9 օգոստոսին Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ գլխաւորած ճեսիքայի յուղարկաւորութեան  ընթացքին։  

«Բարեսիրտ, ընկերասէր, սրամիտ, զուարթ ու կենսալի» անձ մըն էր Ճեսսիքան ինչպէս զինք կը յիշեն Մեսրոպեանցիները եւ իր այդ բարեսրտութիւնը ու անձնանուիրումը դարձուցած էր մասնագիտական ասպարէզ, ծառայութիւն մատուցելով անոնց որոնք կարիքը ունէին իր օգնութեան։  

Իսկ  Նազար Նաճարեանը, որուն յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ շաբաթ 8 օգոստոսին Հայ կաթողիկէ Ս. Եղիա – Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ` Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիարքի նախագահութեամբ ու ներկայութեամբ քաղաքական ու քաղաքացիական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու, այլ տեսակ հայ մըն էր ու պատիւ Լիբանանահայութեան համար, որ քաղաքական իր գործունէութեամբ ջանաց լաւագոյն կերպով ծառայել Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն, ինչպէս յիշեցին յուղարկաւորութեան առթիւ խօսք առնողները։ Ան տարբեր պատճառներու համար թողած էր փաղանգաւոր կուսակցութիւնը ու հեռացած սակայն Լիբանանի սիրոյն համար ընդունած էր վերադառնալ եւ ստանձնել կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը։

Երկու հայորդիներ, որոնք ծնած ու ապրած են օտար երկրի մը ծոցին մէջ, կառչած մնալով սակայն իրենց հայու ինքնութեան ու չի պակսեցնելով իրենց սատարը իրենց ծննդավայր դարձած երկրին բարօրութեան ու բարգաւաճումին ի սպաս, անոր համար զոհելով նաեւ իրենց կեանքը։

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/08/2020, 10:03