Խաչ Խաչ 

Սպաննուեցաւ Էլ Սալվատորի Ռոմերօ քաղաքի նորընծայարանի մեծաւորը։

Էլ Սալվատորի մէջ «Զզուելի եւ դաժան այլ արարք մը եւս»։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, օգոստոս 7ին,առաւօտեան,  Էլ Սալվատորի մէջ զէնքի ուժով սպաննուած է Հայր Ռիքարտօ Անթոնիօ Քորթեզը, Սուրբ Օսքար Առնուլֆօ Ռոմերօ նորընծայարանին մեծաւորը։
Խեղճ վարդապետը սպաննուած է իր ինքնաշարժին մէջ, մինչ ճամբորդութեան մէջ էր ։Անոր անշունչ մարմինը յայտնաբերուած է Ճամբուն եզերքը։  Ոստիկանութիւնը դէպքի վայրը փութաց եւ հետազօտութիւն կը կատարէ։
Հայր Անթոնիոյի մահը գուժեց Էլ Սալվատորի Զագաթեգօլուքա թեմը, նշելով որ  վարդապետին սպանութիւնը «զզուելի եւ դաժան այլ  արարք մը եւս»։

Ունկնդրէ լուրը

Թեմի հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Հայր Ռիքարտօ բարի վարդապետ մըն էր նուիրուած նորընծաներուն կազմաւորման ու դաստիարակութեան աշխատանքներուն եւ ասոր համար անհաւատալի է վարդապետին սպանութիւնը։

«Անմեղ, բարի վարդապետին արիւնը կը շարունակէ ջրել Սալավատորի երկիրը, ուր այս տարին կը յիշատակուի Գերապայծառ Օսքար Ռոմերոյի մարտիրոսութեան 40 ամեակը ինչպէս նաեւ հայր Քոսմէ Սփեսթոթոյին եւ այլ եղբայրներու նահատակութեան յիշատակը նշուած է Էլ Սալվատորի թեմի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/08/2020, 11:51