Պէյրութի քանդուած բնակարաններ։ Պէյրութի քանդուած բնակարաններ։ 

Պէյրութի քրիստոնեաները կը դիմադրեն ցամաքային շահարկումներուն և կը մնան Լիբանանի մէջ։

Հողը միայն նիւթական արժէք չունի։ Ան կը ներկայացնէ մեր արժանապատուութիւնը եւ անոր մէջ է որ կը գտնուին մէջ արմատները:

Անցեալ 4 օգոստոսի ահաւոր պայթումէն ետք Պէյրութի քրիստոնեաները ենթարկուած են ճնշումներու, որպէսզի ծախու դնեն իրենց անշարժ գոյքերը ու հեռանան լիբանանէն։

Ունկնդրէ լուրը

Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն եկեղեցական բարեսիրական հաստատութեան հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին  Մարոնիներու Պատրիարքութեան Երիտասարդական յանձնախումբի տնօրէն՝ գերապայծառ Թուֆիք Պու Հատիր ընդգծում կատարած է նշելով՝ որ «կան մարդիկ, որոնք կը ջանան 4 օգոստոսի  աղէտէն շահ ամբարել, գնելով քրիստոնեաներուն կալուածներն ու տուները», բնակչութիւնը սակայն կը նախընտրէ վերակառուցել վնասուած բնակարանները ու չի լքել երկիրը։

«Մարդիկ կ՛ուզեն այստեղ մնալ։ Բազմաթիւ տարեց մարդիկ ու նաեւ երիտասարդներ կը շարունակեն ապրիլ իրենց տուներուն մէջ, նոյնիսկ եթէ անոնք վնասներ կռած են։ Ամենայն յարգանքով այլ դաւանանքներու պատկան մարդոց կարելի չէ քրիստոնեաներուն տուները ծախու դնել։ Հողը միայն նիւթական արժէք չունի։ Ան կը ներկայացնէ մեր արժանապատուութիւնը եւ անոր մէջ է որ կը գտնուին մէջ արմատները» ըսած է  գերապայծառ Պու Հատիրը որ ապա ակնարկած է անցեալ օրերու ընթացքին քաղաքական ղեկավարներու եւ եկեղեցիներու պատասխանատուներու միջեւ կայացած համագործակցութեան, պատրաստելու համար օրինագիծ մը  ի պաշտպանութիւն ցամաքային շահարկումներու սպառնալիքին տակ գտնուող հաւատացեալներուն։

Գերապայծառ Պու Հատիր ապա գնահատանք արտայայտած է երիտասարդներուն յանձնառումին համար՝ օգնութիւն մատուցելու պայթումի զոհերու ընտանիքներուն։

Նշենք թէ Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն բարեսիրական կազմակերպութիւնը օգնութեան կը հասնի Լիբանանի 5000 ընտանիքներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/08/2020, 06:58