Բնութեան լուսանկար Բնութեան լուսանկար 

Եւրոպայի եկեղեցիներն ու եպիսկոպոսները . «Արարչագործութեան ժամանակ» ձեռնարկը  ապրիլ համամիութենական հոգիով։

«Կը հրաւիրենք եւրոպայի Հոգեւոր հովիւները, քրիստոնեաները, ժողովրդապետութիւնները, եկեղեցական հասարակութիւնները եւ բարի կամք ունեցող իւրաքանչիւր անհատ, արարչագործութեան ժամանակը ապրիլ համամիութենական հոգիով՝ աղօթքի ու գործքի միջոցաւ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Յառաջիկայ 1 սեպտեմբերէն - 4 հոկտեմբեր կը նշուի հասարակաց տան ի նպաստ աղօթքի եւ գործողութեան ամէնամեայ տօնը։

Ունկնդրէ լուրը

Առ այդ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին հրաւէրն է , որ աշխարհի համայն քրիստոնեաները, արաչագործութեան նուիրուած ժամանակամիջոցը ապրին աղօթքի, խոկումի ու գործի միջոցաւ՝ վերականգնելու ու վերստեղծելու համար արարչագործութեան եւ ուրիշին յետ յարաբերութիւնները։

Այս առթիւ Եւրոպայի եկեղեցիներն ու եպիսկոպոսներուն համահաւաք դասերու նախագահները միասնական հաղորդագրութեամբ մը կը հրաւիրեն, որ Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ ընտրուած արարչագործութեան նուիրուած ժամանակամիջոցը, վերածել երկրագունդի նուիրուած յոբելենականի՝ միացած աղօթքի մէջ,  նշուած է հաղորդագրութեան մէջ ուր ընդգծուած  է նաեւ  արարչագործութեան նուիրուած ձեռնարկի համամիութենական ծաւալը «Գոհաբանական  նշանէն, Երջանկայիշատակ Տիմիթրիոս Ա Տիեզերկան Պատրիարքի 1989,ին, Եւորպական համամիութենական տարբեր ժողովներուն, առաջարկը»։

Եւրոպայի եկեղեցիներու եւ եպիսկոպոսներու միասնական հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի թէ, այս տարի, համաճարակի կողմէ ի յայտ դրուած մարդկային դիւրաբեկութիւնը, համաճարակի ազդեցութիւնները մեզ կը ստիպեն լրջօրէն մտածելու համայն երկրագունդի կայուն կեանքի պայմաններու մասին, նկատի առնելով նաեւ կլիմայի փոփոխութեան հարցերը, հրաւիրելով արարչագործութեան ժամանակ ձեռնակը նշել «Երկիր մոլորակի յոբելեան» տիտղոսի ներքեւ ու դիտել տալով, որ յոբելենականի գաղափարը յղացուած է Սուրբ Գիրքէն ու այդ գաղափարը  կ՝ընդգծէ ընկերային իրականութիւններուն միջեւ արդար հաւասարակշռութեան գոյութեան անհրաժետշութիւնը։ 

«Սուրբ Գիրքի յոբելենականի դասը, մեզի ցոյց կու տայ կեանքի համակարգը վերադասաւորելու անհրաժեշտութիւնը ու  կը հաստատէ հրամայականը մարգարէական ձայնի մը՝ մարդ արարածի տան պաշտպանութեան ի խնդիր։

Կը հրաւիրենք Եւրոպայի Հոգեւոր հովիւները, քրիստոնեաները, ժողովրդապետութիւնները, եկեղեցական հասարակութիւնները եւ բարի կամք ունեցող իւրաքանչիւր անհատ, արարչագործութեան ժամանակը ապրիլ համամիութենական հոգիով՝ աղօթելով ու գործելով»։ Նշուած է Եւրոպայի եկեղցիներու եւ եպիսկոպոսներուն համահաւաք դասերու նախագահներուն հրապարակած միասնական հաղորդագրութեան մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/08/2020, 11:09