Քովիտ 19 Արժանթինի մէջ Քովիտ 19 Արժանթինի մէջ 

Լատին Ամերիկայի եպիսկոպոսները. «անհրաժեշտ են ընդհանուր լուծումներ։»

Լատին Ամերիկայի եպիսկոպոսներուն նամակը ուղղուած պետական ղեկաւարներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ի  տես Լատին Ամերիկայի մէջ Քորոնա Ժահրի պատճառած աւելի քան 200 զոհերուն, Լատին Ամերիկայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասը նամակ մը գրեց ուղղուած տարածաշրջանի պետութիւններուն, խնդրելով որ բոլոր պետութիւնները  միասնական ջանքերով աշխատանք տանին, առողջապահական տագնապէն դուրս գալուն եւ ապագային դրական աչքերով նայելու  համար նկատել տալով որ »մեծ հայրենիք  մը կերտելու երազը տակաւին շատ հեռու է» ։

Ունկնդրէ լուրը

Նշենք թէ, Համաշխարհային առողջապահութեան կազմակերպութեան տուեալներուն համաձայն Լատին Ամերիկայի, քորոնա ժահրի պատճառաւ ցարդ արձանագրուած են աւելի քան 200 հազար մեռեալ։ Նախատեսուած է, որ յառաջիկայ ամիսներուն աղքատներուն թիւը բարձրանայ, հասնելով 215 միլոնի, որ կը համապատասխանէ բնակչութեան 35 առ հարիւրը, «որոնց նկատմամբ տեղական եկեղեցին շատ մտահոգ  է եւ աշխատանք կը տանի ոչ միայն դիւրաբեկներու օգնելու համար այլեւ՝ կասեցնելու բռնութիւններու թիւի աճը։» նշուած է Եպիսկոպոսներուն նամակին մէջ ուր յիշուած է նաեւ ֆրանչիսկոս Պապին անցեալ 19 օգոստոսին, Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութեան ընթացքին արտասանած խօսքէն հատուած մը, որուն մէջ Նորին Սրբութիւնը հրամայական նկատած է ոչ միայն Քովիտ 19 ի դէմ պատուաստանիւթի փնտռտուքը, այլեւ ընկերային անարդարութիւններուն, անհաւասարութիւններուն եւ մեկուսացումի արարքներու յաղթահարումը։

Լատին Ամերիկայի եպիսկոպոսները, պետութիւններուն յղած իրենց նամակին մէջ գնահատած են գիտական հասարակութեան կողմէ ի գործ դրուած ջանքերը, խնդրելով որ պատուաստանիւթերը ապահով ըլլան ու չվնասեն մարդ արարածին առողջութեան, դիմագրաւել կարենալու համար անտեսանելի հիւանդութիւններուն, որոնք յառաջանան  անարդար, ընկերային տնտեսական պայմաններէն։

«Տնտեսագէտներն ու գիտնականները կանչուած են բացայայտելու նոր պատուաստանիւթերը, որովհետեւ համաճարակը ի յայտ դրաւ լուրջ թերութիւններ մասնաւորաբար ընկերային կառոյցներուն մէջ։ Այն ինչ, որ կը պատահի Աստուծոյ պատիժը չէ, այլ կառուցուածքային, բնապահպանողական մեղքի հետեւանքն է։»

Եպիսկոպոսները նամակին մէջ պետութիւններէն խնդրած են, որ յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերեն կիներուն եւ այր մարդոց, յատուկէն աղքատներուն,  «այնպէս ինչպէս այս պահուն կը կատարէ եկեղեցին, որ յանձնառու է Լատին Ամերիկայի մէջ ընկերային խաւի վերակառուցման, սկսելով կեանքի պաշտպանութեան աշխատանքներէն, յատուկէն  խոցելիներուն կեանքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/08/2020, 11:12